Որոշուած է գաղտնի պահել Մուամմէր Քատտաֆիի գերեզմանին վայրը


Որոշուած է գաղտնի պահել Մուամմէր Քատտաֆիի գերեզմանին վայրը

  • 27-10-2011 15:13:32   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 27 Լիպիոյ բռնակալին սպանութենէն ի վեր՝ անցեալ Հինգշաբթի, երկիրը իր ապագայի հարցը մէկդի դրած, կը զբաղէր միակ հարցով մը՝ ո՞ւր պէտք է թաղել Մուամմէր Քատտաֆին: Այնպիսի լուծում մը պէտք էր գտնել, որ անոր գերեզմանը ապագային ուխտատեղիի չվերածուի: Երեքշաբթի, լուծում մը գտնուած էր, որ Փոխանցման Ազգային Խորհուրդի անդամներուն մեծ մասին ալ փափաքածն էր: Քատտաֆի վերջապէս թաղուած է եւ որոշուած է գաղտնի պահել անոր գերեզմանին վայրը: Ճի՞շդ ընտրութիւն կատարած է Արեւմուտքը Կայ նաեւ այլ հարց մը: Դեռ բնաւ յստակ չէ, թէ Լիպիոյ նախկին ղեկավարը ճշգրիտ ի՞նչ պայմաններու մէջ մահացած է: Անոր մահը պատահած է դաշնակցային ուժերու յարձակմա՞ն ընթացքին, թէ բռնակալը վայրագօրէն սպաննուած է ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ՝ ինչպէս լուրջ կասկածներ կան այդ ուղղութեամբ: Եթէ այս երկրորդ վարկածը հաստատուի, այդ պարագային՝ արեւմտեան դաշնակիցները կրնան երկա՜ր խորհրդածել, թէ որո՛ւ վստահեցան այդ երկրին մէջ ժողովրդավար կարգեր հաստատելու գործը:
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը