29-10-2011 11:49:18 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Կիրակի, Նոյեմբեր 6ին, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր Տաճարի «Նուրհան Ֆրէկեան» սրահին մէջ, ժամը 17ին կազմակերպուած ներկայացման երեկոյթով մը սկիզբը կը դրուի «Հայաստան» Հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքին՝ Ֆոնէթոն 2011ին:
Անոր կը մասնակցին CSOE, DA-connexion, ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդական եւ Xpath ընկերակցութիւններու, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» Հիմնադրամի ներկայացուցիչները:
CSOE-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆրանք Տէվէճեան կը ներկայացնէ Լճափ/ Սեւանայ լիճ եւ Աշաջուր/Տաւուշ, DA-connexion-ի կողմէ փոխ նախագահ Կրեկորի Կերկերեան՝ Մեծ Մանթաշ (Հայաստան) եւ Սօս (Ղարաբաղ) ամառնային արշաւները: ՀԲԸՄ-ի երիտասարդականի նախագահը՝ Ռաֆայէլ Տէր-Յակոբեան կը ներկայացնէ Ստեփանակերտի «Հայաստան, կենաց հողը» առաքելութիւնն ու Բերդձորի (Ղարաբաղ), Սեւանայ լիճի եւ Գիւմրիի (Հայաստան) արշաւները: Xpath-Պատկերներ եւ զօրակցութիւն ընկերակցութեան նախագահը՝ Ֆլօրան Գոլանճեան կ'ընէ «Հողէն՝ մինչեւ պնակ» մանկավարժական DVD սկաւառակին ներկայացումը, որու նիւթն է Սպիտակի եւ Գիւմրիի միջեւ՝ ընտանեկան գիւղատնտեսութիւնը:
Հուսկ «Հայաստան» Հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան եւ փոխ նախագահ Միշէլ Բազումեան կը ներկայացնեն ապագայ ծրագիրները որոնք նախատեսուած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
Երեկոյթը տեղի կ'ունենայ լուսանկարներու ցուցահանդէսի մը ընկերակցութեամբ, եւ պատկերներու լուսարձակումով:
Մուտքը ազատ է:
«Նոր Յառաջ»