«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան ամառնային արշաւները յաջողութեամբ պսակուեցան


«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան ամառնային արշաւները յաջողութեամբ պսակուեցան

  • 29-10-2011 11:55:44   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան վարչութեան Փարիզի մասնաճիւղը կը յայտնէ, թէ 2011ի ամառնային արշաւները յաջողութեամբ պսակուեցան: Շաբաթ, Օգոստոս 20ին տեղի ունեցաւ Եղվարդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը: Օծումը տեղի ունեցաւ քանի մը օր վերջ: Եկեղեցին, որ 2007էն ի վեր ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ «Երկիր եւ Մշակոյթ»ին կողմէ, ներկայիս բաց է պաշտամունքի: «Երկիր եւ Մշակոյթ»ը ներկայիս ծրագիրներ կ'իրագործէ Եղվարդի, Գորիսի, Նորավանքի, Նալպանտի մէջ: Ամառնային արշաւներէն ետք, կազմակերպութեան մասնաճիւղերու աշնանային գործունէութիւնը կը սկսի առաջին հանդիպումով մը, որ տեղի կ?ունենայ Կիրակի՝ Հոկտեմբեր 30ին՝ ժամը 16ին, «Անաքօ» տափանաւուն մէջ: Առաջին բաժնին մէջ կամաւորներու եւ վարչականներու կողմէ կը ներկայացուին ամառնային արշաւները՝ նկարներու լուսարձակմամբ: Հարցում-պատասխանի բաժին մը կը հետեւի ներկայացման: Երկրորդ բաժինը կը յատկացուի վիճարկումի մը՝ նպատակ ունենալով «Երկիր եւ Մշակոյթ»ի Փարիզեան մասնաճիւղը վերակազմակերպել, Կազմակերպութեան կատարած գործը աւելի արդիւնաբեր դարձնել, սերունդներու միջեւ կապերը ամրապնդել, գործունէութեանց հովանաւորումը ապահովել, եւլն.: Կը հրաւիրուին անդամները, կամաւորներն ու բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են «Երկիր եւ Մշակոյթ»ի գործունէութեամբ: «Անաքօ» տափանաւ՝ 61 quai de la Seine, Bassin de la Villette, Paris 19e. Metro : Riquet, Stalingrad ou Jaurès. «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը