Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ կը հանդիպի Ազգային Վարչութիւնը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ կը հանդիպի Ազգային Վարչութիւնը

  • 29-10-2011 12:55:04   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին տուած Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ազգային Վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ` Առաջնորդ Սրբազանին` Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ` Տեարք Վահէ Եագուպեանին եւ Խաժակ Տիքիճեանին ներկայութեամբ: Հանդիպման ընթացքին ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Հովուապետական այցելութիւնը եւ բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին, որ երեք շաբաթներու ընթացքին իր Հայրապետական պատգամներով, հանդիպումներով, դասախօսութիւններով ու ելոյթներով մեծ խանդավառութիւն յաջողած էր ստեղծել գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ճամբով հայ համայնքին նկատմամբ անոնց ունեցած յարգանքը աւելի ամրապնդած: Ազգային Վարչութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Վեհափառ Հայրապետին բերած նպաստը Հայ Դպրոցի առաքելութեան աշխուժացման ու Հայ Դատի աշխատանքներուն գծով: Վեհափառը իր կարգին շեշտեց հոգեւոր կեանքը վերանորոգելու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպման աւարտին, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ ազգայիններ:
  -   Մամլո հաղորդագրություն