Մեսրոպ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ալ դարձեալ Հիւանդանոց փոխադրուած է


Մեսրոպ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ալ դարձեալ Հիւանդանոց փոխադրուած է

  • 05-11-2011 15:06:01   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան եւ կողակիցը երէկ գացին նաեւ այն սենեակը ուր բժշկական հսկողութեան տակ է Մեսրոպ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Պատրիարք Հայրը Հիւանդանոց կը փոխադրուի ամէն անգամ որ բժշկական միջամտութեան մը կարիքը կը զգացուի ու այս օրերուն ալ դարձեալ Հիւանդանոց փոխադրուած է։ Մեր Խմբագրապետը նախ տեսակցեցաւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի հետ ու անգամ մը եւս գնահատեց անոր արի ու համբերատար կեցուածքը այս մեծ ողբերգութեան դիմաց։ Մեր Խմբագրապետը իր ցաւը յայտնեց դիտել տալով որ Մեսրոպ Պատրիարքին դժբախտութիւնը միայն անոր անձին ու ընտանիքին դժբախտութիւնը չէ, այլ է՛ նաեւ ամբողջ համայնքի մը դժբախտութիւնը։ Այնուհետեւ մեր Խմբագրապետն ու կողակիցը մտան սենեակ ու տեսան հիւանդ Պատրիարք Հայրը, որ միշտ պառկած է անգիտակից ու անշարժ, միշտ աչքերը փակ։ Բժշկական բոլոր միջամտութիւնները կը կատարուին ու Սրբազան Հայրը սնունդ կը ստանայ կոկորդէն, բայց մեր Խմբագրապետն ու կողակիցը տեսան որ Սրբազան Հօր դէմքը շատ հանդարտ, նոյնիսկ շատ վայելուչ ու խնամեալ վիճակ ունէր ու բնաւ չէր նմաներ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր այսքան տառապող հիւանդի մը դէմքին։ Միայն դէմքի արտայայտութիւնն էր որ քիչ մը փոխուած էր, այդքան։ Եւ այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ Սրբազան Հայրը քիչ վերջ պիտի բանար իր աչքերը ու իր սովորական ժպիտով խօսիլ պիտի սկսէր։ Մեր Խմբագրապետն ու կողակիցը, որոնց հոս ալ կþընկերակցէր Տքթ. Մեծատուրեան, անգամ մը եւս սրտապնդեցին Տիրամայր Մութաֆեանը, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէր այս այցելութեան համար։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը