Զարաքօլու արժանի է ո՛չ թէ բանտարկութեան, այլ Նոպէլեան Մրցանակի


Զարաքօլու արժանի է ո՛չ թէ բանտարկութեան, այլ Նոպէլեան Մրցանակի

  • 05-11-2011 17:14:16   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ ԱՐԺԱՆԻ Է ՈՉ ԹԷ ԲԱՆՏԻ, ԱՅԼ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ .. Ինչպէս գիտեն մեր ընթերցողները, Քրտական «ՔՃՔ» Քիւրտիստանի Հաւաքականութիւններու Միութիւն_ կազմակերպութեան անդամներուն դէմ կատարուած գործողութիւններու շրջագծով ձերբակալուած էր նաեւ Պէլկէ Հրատարակչատան սեփականատէր ու յառաջապահ մտաւորական Րակըպ Զարաքօլու, որուն ձերբակալուած ըլլալուն լուրը լայն արձագանգ գտած է նաեւ Արեւմտեան աշխարհի մէջ։ Երկու միջազգային կազմակերպութիւններ՝ ԻՓԱ ¤Միջազգայն Հրատարակիչներու Միութիւն_ եւ ՓԷՆ ¤Միջազգային Գրողներու Միութիւն_ հաղորդագրութիւններ հրատարակելով պաշտպանեցին Զարաքօլուն։ Անոնցմէ ԻՓԱ դիտել տուաւ որ Զարաքօլու արժանի է ո՛չ թէ բանտարկութեան, այլ Նոպէլեան Մրցանակի։ Հաղորդագրութեան մէջ դիտել տրուեցաւ որ անիրաւութիւն է ձերբակալել անձ մը որ Թուրքիոյ մէջ ազատ հրատարակութեան ախոյեանը հանդիսացած է։ Անոր դատավարութիւնը հազիւ տարիէ մը կը սկսի, իսկ իր առողջութիւնը յարմար չէ այսքան երկար ժամանակ մնալու բանտային պայմաններու մէջ։ Իսկ ՓԷՆ իր հաղորդագրութեան մէջ դիտել տուաւ որ Զարաքօլու անձ մըն է որ անկաշկանդ հրատարակութեան ու կարծիքի ազատութեան մարզերէ ներս մեծ յարգանք կը վայելէ միջազգային հրապարակներու վրայ։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը