ԼՐԱԳՐՈՂ ՖԻՍՔ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԱՏՈՒԵԼ ԹՈՒՐՔ «ԱՐԴԱՐ»ՆԵՐԸ


ԼՐԱԳՐՈՂ ՖԻՍՔ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԱՏՈՒԵԼ ԹՈՒՐՔ «ԱՐԴԱՐ»ՆԵՐԸ

  • 15-11-2011 12:58:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ լոյս տեսած է աշխարհահռչակ լրագրող, յօդուածագիր եւ «Ինտիփենտընթ»ի թղթակից Ռապըրթ Ֆիսքի հետ հարցազրոյց մը: Ֆիսք, այլ նիւթերու կարգին, հարցազրոյցի վերջին բաժնին մէջ իր կարծիքը կը յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութեան մասին ու կը թելադրէ Հրեաներ փրկած «արդար»ներու օրինակով պատուել նաեւ Հայեր փրկած Թուրքերը: Այսպէս, Ֆիսք կ?ըսէ. «Ես կը յանձնարարեմ, որ հիմա պատրաստուի ցանկը բոլոր այն օսմանցի Թուրքերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ ջանացին Հայեր փրկել Հայոց Ցեղասպանութենէն. բոլոր այն ոստիկաններուն, Հալէպի կուսակալին, թուրք ընտանիքներուն՝ որոնք այդ շրջանին Հայերուն օգնեցին։ Կ?առաջարկեմ, որ Հայերն ալ պատուեն այս քաջարի Թուրքերը։ Իմ կարծիքով, Թուրքերն ալ զանոնք պէտք է պատուեն, որովհետեւ անոնք մահամերձ Օսմանեան կայսրութեան վարչակարգին խիղճը հանդիսացան»։ Ֆիսք կ?ըսէ նաեւ, թէ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ չ?ապահովեր Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, բայց այդ պահանջը պէ՛տք է դրուի անդամակցութեան պայմաններու ցանկին մէջ։ «Անգլիա խոստովանած է, որ ինք պատասխանատւութիւն ունէր Իռլանտայի 1840ի սովին մէջ, Աւստրալիա ընդունած է, որ յոռի վերաբերում ցոյց տուած էր Ասւտրալիոյ բնիկներուն՝ ապորիժէններուն, Գերմանիա ստիպուեցաւ խոստովանիլ Հրեաներու Ողջակիզումը։ Այս երկիրներէն ոչ մէկը վնաս կրեց այս խոստովանութիւնները ըրած ըլլալուն համար։ Միւս կողմէ, պէտք է ըսեմ, որ պայմա՛ն է, թէ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցի, հակառակ Եւրոպացի կարգ մը պետական մարդոց, որոնք մոլեռանդ ու ցեղապաշտ կեցուածք ունին Թուրքիոյ դէմ» կ?ըսէ ծանօթ լրագրողը: «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը