Կայացավ ՀՄԸՄ Արարատի Պասքէթպոլի Մրցաշարքը


Կայացավ ՀՄԸՄ Արարատի Պասքէթպոլի Մրցաշարքը

  • 16-11-2011 09:39:47   |   |  Սպորտ
Եգիպտահայ պասքէթպոլի ներկայ տարեշրջանի բ. մրցաշարքը տեղի կ'ունենայ այս շաբաթ, երբ ՀՄԸՄ Արարատ (Գահիրէ) կը հիւրընկալէ իր մրցաշարքը, 17-էն 20 Նոյեմբերին, մասնակցութեամբ եգիպտահայ չորս մարզական ակումբներու: ՀՄԸՄ Նուպար (Աղեքս.) այս մրցաշարքէն ալ կը բացակայի: «Հաշուի առնելով երկրին կացութիւնը` Ուրբաթ 18 Նոյեմբերին մրցում տեղի պիտի չունենայ», կը տեղեկացնէ ՀՄԸՄ Արարատի Ատենապետ Կարօ Թումայեանց: Նոյն օրը զանգուածային ցոյց մը կը սպասուի Գահիրէի գլխաւոր Թահրիր Հրապարակին մէջ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին: Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) պիտի մրցակցի Ս. Թերեզայի դէմ: Երկու խումբերու վերջին ճակատումը, որ տեղի ունեցած էր անցեալ տարուան Արարատի մրցաշարքի ընթացքին աւարտած էր 83-59 արդիւնքով ի նպաստ Նուպարի: Շաբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, դաշտատէրերը պիտի հանդիպին Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ Կամքին դէմ: իրենց վերջին հանդիպումը՝ անցեալ Նոյեմբերին աւարտած էր 66-46 ի նպաստ գահիրէցիներուն: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 8:30-ին, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրուան մրցումներու յաղթական խումբերուն միջեւ: Բաժակը նուիրած են Նայիրի, Նորա եւ Նորայր Մխտիկեաններ` ի յիշատակ իրենց ողբացեալ հօր` Վահան Մխտիկեանի: Վերջին տասը մրցաշարքերու ինն բաժակներուն տիրացած է Նուպար (Գահիրէ): Արարատ իր վերջին բաժակը նուաճած է 2009ի Յուլիսին, մինչ «Կամք»՝ 2004ին, իսկ Ս. Թերեզա 1970-ականներէն ի վեր բաժակ չէ կրած: Սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Եգիպտահայ Թեմի Առաջնորդ Աշոտ Ս. Եպիսկոպոս Մնացականեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Վարդան Գազանճեանի: Մրցաշարքին մետալները նուիրած են տէր եւ տիկին Վարդ Ալեքսանեան: ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԾԻՐԷՆ ԴՈՒՐՍ Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ Արարատի աղջկանց երէց խումբը պիտի հանդիպի Էլ Տարի դէմ: Բաժակը նուիրած են տէր եւ տիկին Մանուկ Պօհճալեաններ: Շաբաթ, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Արարատ-Նուպար» 14 տարեկանէն վար նորակազմ տղոց միացեալ խումբը պիտի հանդիպի Էլ Տարի դէմ: Բաժակը նուիրած են Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի ատենապետ բժ. Գէորգ Երզնկացեան եւ տիկինը: Նոյն օրը ՀՄԸՄ Արարատի 12 տարեկանէն վար աղջկանց խումբը պիտի մրցի Էլ Տարի դէմ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Բաժակը նուիրած են տէր եւ տիկին Յակոբ Սայեան: Ապա Կիրակի 20 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ Արաարատի 12 տարեկանէն վար տղոց խումբը պիտի մրցի Էլ Տարի դէմ: Բաժակը նուիրած է Կարօ Ասատուրեան: ԼԱՒԱՏԵՍ Թէպէտ «այս տարեշրջանի ամառուան մրցաշարքերու բացակայութիւնը մեծապէս ազդած է խաղացողներու մարզական վիճակին վրայ», սակայն ատենապետ Թումայեանց լաւատես է մրցաշարքին արդիւնքներուն նկատմամբ: Ան կը նշէ, թէ «խումբը տակաւին վերակազմաւորման ընթացքի մէջ է, քանի որ կարգ մը մարզիկներ բացակայ են, իսկ կրտսեր տղոց խումբէն առաջին խումբ անցած են մի քանի մարզիկ»: ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) նուաճած էր իր իսկ կազմակերպած տարեշրջանի ա. մրցաշարքի բաժակը անցեալ Հոկտեմբերին, պարտութեան մատնելով իր աւանդական մրցակիցին` ՀՄԸՄ Արարատին 52-47 արդիւնքով: «Արարատ» մարզական ակումբը հիմնադրուած է 1914ին, Գահիրէ, իբրեւ մարզական միութիւն, իսկ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ)-ին միացած է 1946ին: 2011 տարեշրջանի գ. մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 2-էն 4, Ս. Թերեզա մարզական ակումբին կազմակերպութեամբ: Արմաւենի
  -   Սպորտ