ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ՆՈՅՆՔԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՔԱՆ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ


ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ՆՈՅՆՔԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՔԱՆ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ

  • 17-11-2011 09:17:38   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ՝ ՔԱՂԱՔԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ «ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ» Նոյեմբեր 11էն 13, Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է վերոնշեալ տիտղոսով գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկին եւ քաղաքապետարանին գործակցութեամբ: Հրաւիրեալ մասնագէտները ուսումնասիրած են 1838-1938 ժամանակահատուածին՝ այդ շրջանին մէջ ապրած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ճակատագիրը: Գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ, քաղաքապետ Օսման Պայտէմիր անգամ մը եւս յանդուգն եւ բովանդակալից ճառ մը խօսած է: Ան յիշեցուցած է, թէ մինչ Տիգրանակերտ տնտեսական իր աշխուժութեամբ Օսմանեան կայսրութեան 3րդ կարեւորագոյն քաղաքն էր Ի. դարու սկզբնաւորութեան, այսօր ինքզինք գտած է 66րդ դիրքի վրայ: Պայտէմիր ատոր պատճառը անմիջականօրէն շաղկապած է հայ եւ ասորի-քաղդէացի փոքրամասնութիւններու ոչնչացման: Իր կարծիքով, այս գիտաժողովը նոր առիթ մըն է սեփական պատմութեան հետ առերեսելու: Պայտէմիր յիշեցնելով, թէ քաղաքին մէջ, ինչպէս անցեալին՝ այժմ կրկին մինարէներէ բարձրացած աղօթքներն ու եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջները կը միաձուլուին, ըսած է, թէ իր քաղաքապետարանը ձեռնարկած է փոքրամասնութիւններէ գրաւուած ստացուածքներու վերադարձի ստանձնումին: Աւելցուցած է, թէ վերադարձի անկարելիութեան պարագային՝ եթէ, օրինակ խնդրոյ առարկայ ստացուածք մը այսօր կը պատկանի անհատի մը, տուեալ հողատարածքի հաւասար հող պիտի տրամադրուի անոր երբեմնի բուն տիրոջ, այլ վայրի մը մէջ: “Այս քաղաքը կը պատկանի նոյնքան Հայերուն եւ Ասորիներուն, որքան Քիւրտերուն” ըսած է Պայտէմիր: Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են նաեւ Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինք, Հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւի նախաձեռնող եւ այդ նիւթով գիրքի հեղինակ՝ փրոֆ. Ճէնկիզ Աքթար, գրող եւ քաղաքական լրագրող Ալի Պայրամօղլու, լրագրող Պասքըն Օրան: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Թուրքիայէն, Եւրոպայէն եւ ԱՄՆ-էն Ցեղասպանութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնագէտ պատմաբաններ՝ ինչպէս Տաւիտ Կոնթ, Յարութիւն Գէորգեան, Վահէ Թաշճեան, Հանս Լուքաս Քեզէր, Պարպարա Մերկերեան, Ժորժ Աղճայեան, Սեդա Ալթուղ, Ժանէթ Քլէին, Ելլէ Վերհէյ, Այհան Աքթար: Նշենք, որ Հրանդ Տինք հիմնարկը նախապատրաստական ամեն միջոց ի գործ դրած է՝ գիտաժողովը իր կայքէջէն ուղղակի սփռելու համար, սակայն թրքական իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած: Այնուամենայնիւ, գիտաժողովէն տեսահոլովակներ կարելի է դիտել այցելելով՝ www.hrantdink.org հասցէն: «Նոր Յառաջ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը