ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՏԵԱՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԳՏԱՒ ՕՐՀԱՆ ՓԱՄՈՒՔԸ


ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՏԵԱՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ԳՏԱՒ ՕՐՀԱՆ ՓԱՄՈՒՔԸ

  • 18-11-2011 05:41:58   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիոյ Բարձրագոյն Ատեանը, հաստատելով տարբեր դատարանի մը կողմէ տրուած դատապարտութեան վճիռը, Նոպէլեան մրցանակաւոր գրագէտ Օրհան Փամուքը դատապարտելի գտաւ Զուիցերիոյ թերթերէն մէկուն մէջ 2004 թուականին իր ըրած այն յայտարարութեան համար, ըստ որու »Թուրքերը այս հողերուն վրայ 30 հազար քիւրտ ու մէկ միլիոն հայ սպաննեցին։ Ոչ մէկը այս մասին խօսելու քաջութիւն ունի։ Բայց ես կը խօսիմ ահաւասիկ«։ Օրհան Փամուքի այս յայտարարութիւնը, որ արտատպուած էր նաեւ Աքթիւէլ պրաբերաթերթին մէջ, մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր։ Փաստաբան Քէմալ Քէրինչսիզ, որ ներկայիս բանտարկուած է, եւ անոր հետ միասին 5 տարբեր անձեր որոնք նահատակներու ազգականներ են, դատարան դիմեցին պնդելով որ Փամուքի կողմէ թուրք ժողովուրդին կատարուած նախատինքը իրենց անձին դէմ ալ նախատինք կը նկատուի, ուստի անոնք հատուցում պահանջած էին այս նախատինքին համար։ Դատարանը մերժած էր անոնց այս դիմումը, պաշտպանելով այն կարծիքը թէ կարելի չէր Փամուքին նախատինքը անձերու անհատական իրաւունքներու վրայ գործուած յարձակում նկատել։ Բայց Քէրինչսիզ այս մերժումին վրայ դիմում կատարած էր Բարձրագոյն Ատեանին, վճռի բեկանում պահանջելով դատարանին որոշումին դէմ։ Բարձրագոյն Ատեանն ալ բեկանած էր դատարանին որոշումը ու Շիշլիի Դատարաններէն մէկուն յանձնած էր վերստին դատելու պարտականութիւն։ Շիշլիի Դատարանն ալ դարձեալ յանցաւոր գտած էր Փամուքը, պաշտպանելով այն տեսակէտը թէ Փամուք իր յայտարարութեամբ նախատած էր իւրաքանչիւր Թուրք քաղաքացին, քանի որ »Թուրքիոյ պետութեան ենթակայ ամէն մարդ Թուրք է«։ Այս կացութեան դիմաց Օրհան Փամուքի փաստաբանները սկսան պնդել թէ Փամուքին խօսքերը սխալ թարգմանուած են, անոր ըսել ուզածը այդ չէ, եւայլն., սակայն այս բողոքները չընդունուեցան, Բարձրագոյն Ատեանն ալ հաստատեց Շիշլիի դատարանին վճիռը ու Փամուք դատապարտուեցաւ իրեն դէմ դատ բացող վեց հոգիէն իւրաքանչիւրին վճարելու հազարական լիրայի հատուցում, որպէս իր կատարած վիրաւորանքի դարմանում։ Այսինքն 6 հազար լիրա։ Ամէնէն հետաքրքրականն այն է որ Քէմալ Քէրինչսիզի փաստաբան Կէօնիւլ Քէրինչսիզ ըսած է հետեւեալը. »Այս որոշումը հիմա Թուրքիոյ 72 միլիոն հայրենակիցներուն իրաւունք կուտայ որպէսզի դատարանի մը մէջ Փամուքին դէմ դատ բանան իրենց քաղաքացիական պատկանելիութեան վրայ կատարուած նախատինքին համար։ Այս որոշումէն վերջ Թուրքիոյ պետութեան իրաւունքները նոյնացած են իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքներուն հետ։ Հետաքրքրական է իսկապէս։ Հիմա ի՞նչ կը պատահի եթէ երկրի 72 միլիոննոց բնակչութեան մէջ սկսի Փամուքին դէմ դատ բանալու հոսանք մը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը