«Հայաստան» Հիմնադրամի Թելեթոնը KCAL-էն Պիտի Ցուցադրուի


«Հայաստան» Հիմնադրամի Թելեթոնը KCAL-էն Պիտի Ցուցադրուի

  • 20-11-2011 10:50:29   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Գոհաբանութեան տօնին օրը՝ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, տարեկան աւանդութեան վերածուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի այս տարուան հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի բնակչութեան ըմպելի ջուր, իսկ դաշտերուն՝ որոգման ջուր հասցնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանային գիւղերը վերաբնակեցնելու եւ զարգացնելու նպատակներուն: Այս տարի, թելեթոնը պիտի սփռուի նաեւ ամերիկեան մեծագոյն կայաններէն մէկը հանդիսացող «Սի.Պի.Էս.» կայանին պատկանող Հարաւային Քալիֆորնիոյ KCAL պատկերասփիւռի կայանէն (թիւ 9)՝ աւելի մեծ թիւով ունկնդիրներու հասնելով: Հարաւային Քալիֆորնիոյ ժամով, 12 ժամեայ թելեթոնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8ին: Իր աւելի քան 100,000 նուիրատուներուն ներկայացուելով զեկուցումներու նախորդ տարեշրջանին հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներուն մասին՝ թելեթոնի ընթացքին պիտի ներկայացուին նաեւ գեղարուեստական զանազան ելոյթներ՝ հաճելի ժամանց պարգեւելով մօտաւորապէս 20 երկիրներէ յայտագրին հետեւողներուն: Յայտագիրի ընթացքին նուիրատուութիւնները քաջալերելու աշխատանքին պիտի մասնակցին Հայաստանէն՝ յայտնի դերասան ու թելեթոնի ծրագիրներու վեթերան մասնակից Հրանդ Թոխատեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Պետական պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Արտակ Հերիքեան: Իբրեւ Արցախի բնակիչ ու Արցախի Պետական պատկերասփիւռի կայանէն Լիբանան Ադամեան, իւրայատուկ տեսանիւթով մը պիտի ներկայացնէ հիմնադրամին տրամադրած օժանդակութիւններուն բերած նպաստները: Անոնց կողքին, բրիտանահայ կատակաբան ու դաշնակահար Գեւ Օրգեան իւրայատուկ ներկայացումներ ծրագրած է, իսկ վերջերս Հայաստան ու Արցախ այցելած ամերիկահայ դերասան ու բեմագիր Լուտվիկ Մանուկեան, իր տեսանկիւնէն պիտի ներկայացնէ հիմնադրամին իրագործումները: Վերոյիշեալ խօսնակներուն իրենց ձայնը պիտի միացնեն նաեւ մրցանակներու արժանացած վաւերագրական շարժապատկերներու բեմադրիչ ու հաղորդավար Քարլա Կարապետեան, «Էմ. Քլապ» պատկերասփիւռային յայտագիրի խօսնակ Տաթեւիկ Էքիէզեան-Մաճարեան ու յայտնի իրաւաբան Մարք Կիրակոս: Աւելի քան հարիւր կամաւորներ արձանագրուած են մասնակցելու նուիրահաւաքի աշխատանքին: Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Փասատինայի եւ Լա Քանիատայի շրջաններուն մէջ թելեթոնին կարելի է հետեւիլ նաեւ հետեւեալ կայաններէն՝ «Շան»չ (Charter Channel 388), «USArmenia» (Charter Channel 386), AABC (Charter Channel 384), «High Vision» (Charter Channel 381), ICFN (Charter Channel 382), «Հորիզոն» (Charter Channel 385), RUSTV (Charter Channel 387) եւ AMGA (Charter Channel 380), ինչպէս նաեւ համացանցային www.ArmeniaFund.org կայքէն: http://asbarez.com/arm/115435/
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը