Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը

  • 26-11-2011 14:59:21   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ` կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուրբաթ 25 Նոյեմբեր 2011-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան: Ողջունելով հայկական պատուիրակութեան այցելութիւնը Լիբանան` Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջողութիւն մաղթած է եւ ներկայացուցած հայկական գաղթօճախի կրթական հաստատութիւններու հիմնախնդիրներն ու իրականացուող ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնելով իր այցելութեան նպատակը` նախարար Արմէն Աշոտեան տեղեկացուցած է Հայաստանի կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, սփիւռքի կրթօճախներու զարգացման հետ կապուած Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն մասին` միեւնոյն ժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու հայկական կրթօճախներու հիմնախնդիրներու լուծման ու զարգացման ծրագիրներուն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման, նոր ուսումնական գրականութեան ստեղծման, նորագոյն տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ներդրման, համացանցի վրայ հայերէնի միջոցներու ընդլայնման, հայկական դպրոցներուն մէջ կրթութեան որակի բարձրացման հետ կապուած հարցեր: Նախարարը երէկ Անթիլիասի մէջ այցելած է Հայ գիրքի ցուցահանդէս, որ նուիրուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը ծանօթացած է տարբեր տարիներուն Լիբանանի եւ սփիւռքի այլ գաղթօճախներու մէջ հրատարակուած հայկական գրատպութեան նմուշներուն: Նախարար Արմէն Աշոտեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակի մատուռ:
  -   Մամլո հաղորդագրություն