“ՀԱՐՑԵՐԸ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ԱՌԵՐԵՍՈՒՄԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ Է”


“ՀԱՐՑԵՐԸ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ԱՌԵՐԵՍՈՒՄԷ ԽՈՒՍԱՓԻԼ Է”

  • 01-12-2011 09:08:20   |   |  Քաղաքական
Թրքական «Սթար» թերթին մէջ, Ճ. Սոլկուն ստորագրեալ յօդուածով մըն ալ կ?ըսուի, թէ Տէրսիմի հարցով ամբաստանուող ՃԷ.ՀԷ.ՓԷ.ն (Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութիւն) հակառակ ուրացումի իր քաղաքականութեան, ծաւալ շահեցուց բանավէճին։ Յօդուածագիրը կ?ըսէ, թէ այդ կուսակցութեան յայտարարութիւններէն յայտնի դարձաւ որ ան կ?ուզէր Տէրսիմի հարցը յանձնել պատմաբաններուն, եւ ոչ թէ քաղաքագէտներուն։ “Այս նախադասութիւնը յաճախ լսած էինք 1915ի հայկական տեղահանութեան խնդրի կապակցութեամբ եւս”, կը գրէ յօդուածագիրը։ Լրագրողը ասկէ կ?եզրակացնէ, թէ անոնք որոնք կը խուսափին առերեսելէ անցեալի իրենց աղտոտ էջերուն հետ, ամեն անգամ որ դէմ յանդիման մնան իրենց համար անախորժ նիւթի մը հետ, պիտի թաքնուին հարցը պատմաբաններու փոխանցելու առաջարկի մը ետին։
  -   Քաղաքական