Ինչու՞ Մեծն Բրիտանիոյ արքայազունը գաղտօրէն Ատրպէյճան այցելեց


Ինչու՞ Մեծն Բրիտանիոյ արքայազունը գաղտօրէն Ատրպէյճան այցելեց

  • 01-12-2011 17:57:43   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մեծն Բրիտանիոյ Էնտրիւ արքայազունը անցեալ շաբաթ այցելած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, սակայն չորս օրով անհասկնալիօրէն անհետացած է։ »Տհը Տէյլի Մէյլ« կը գրէ որ արքայազունի գրասենեակէն հրաժարած են մեկնաբանել թէ ինչո՞ւ արքայազունը չէ յաջողած Քաթար հասնիլ, մինչեւ 27 Նոյեմբեր, քանի որ ան չորս օր առաջ հեռացած էր Մեծն Բրիտանիայէն։ Միաժամանակ անգլիական պարբերականը կը գրէ որ այդ չորս օրերուն արքայազունը այցելած է Ատրպէյճան, ուր կապեր ունի այդ երկրի Նախագահին հետ, որպէս պաշտօնական միջնորդ Մեծն Բրիտանիոյ հետ առեւտրական կապերու եւ ներդրումներու հարցին մէջ։ Այնուհետեւ ան ճամբորդած է նախատեսուած ծրագրով ու այժմ կը գտնուի Ապու Տապի։ Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ որ այդ բացայայտումը անշուշտ մտորումներու տեղի կուտայ, քանի որ արքայական տան ներկայացուցիչը աչքառու է տարօրինակ վարչակարգ ունեցող երկիրներու ղեկավարներու հետ ունեցած իր կապերով, իսկ Ատրպէյճան վարչական փտախտի տեսանկիւնէ աշխարհի »առաջատար« երկիրներէն մէկն է։ Էնտրիւ նախկին վեց տարիներու ընթացքին ան ութ անգամ այցելած է Նախագահ Իլհամ Ալիյեւին, ընդ որում այցելութիւններէն երկուքը ներկայացուած են որպէս »նեղ անձնական«։ Նմանօրինակ այցելութիւնները ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծած են թէ ան պիզնըս կապեր ունի քարիւղի պաշարներով հարուստ Ատրպէյճանի հետ, սակայն Պաքինկհամեան պալատը կը ժխտէ այդ պնդումը։ Էնտրիւի այցելութիւնը պաշտօնապէս չի մեկնաբանուիր, կը նշուի որ ան անձնական գործեր ունեցած է։ «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը