ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՐՍԻԼԻԱ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՍՏՈՒԱՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ


ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՐՍԻԼԻԱ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՍՏՈՒԱՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

  • 06-12-2011 14:53:25   |   |  Քաղաքական
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Մարսիլիա կը ժամանէ, մասնակցելու համար Դեկտեմբեր 7ին եւ 8ին Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան 20րդ միջազգային համագումարին: Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, ան ներկայ կը գտնուի Մարսիլիոյ քաղաքապետ Ժան-Գլօտ Կօտէնի իրեն ի պատիւ կազմակերպած յատուկ ընդունելութեան: Հայաստանի նախագահը այս առիթով հանդիպում կ?ունենայ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ս. Սարգսեան բաւական ստուար պատուիրակութեամբ կը ժամանէ: Իրեն կ?ընկերանան արտաքին գործոց նախարար Էտ. Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ: Ներկայ կ?ըլլան նաեւ Հայաստանի Փարիզի դեսպան Վիգէն Չիտէչեան եւ հայկական հեռատեսիլի աւելի քան տասնեակ մը լրագրողներ: ՆՅ
  -   Քաղաքական