Անիի Մայր տաճարին եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պահպանութեան եւ պաշտպանութեան բանաձեւը ընդունուած է


Անիի Մայր տաճարին եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պահպանութեան եւ պաշտպանութեան բանաձեւը ընդունուած է

  • 08-12-2011 09:31:25   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փարիզեան կեդրոնատեղիին մէջ, Նոյեմբեր 28էն Դեկտեմբեր 3, տեղի ունեցած է Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդին՝ ԻՔՈՄՈՍ-ի տարեկան համագումարը: Մասնակցած են 109 երկիրներէ 1120 պատուիրակներ: «Ժառանգութիւնը՝ զարգացման մղիչ ուժ» գիտաժողովին ներկայացուած են 65 զեկուցումներ: Գլխաւոր ժողովը քննարկած եւ ընդունած է 41 բանաձեւեր, որոնց մէջ նաեւ ԻՔՈՄՈՍ-Հայաստանի կողմէ առաջարկուած բանաձեւ մը, որ կը վերաբերէր Անիի Մայր տաճարին եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ պահպանութեան եւ պաշտպանութեան: Թուրք պատուիրակ մը փորձած է պարբերութիւն մը աւելցնել տալ անոր մէջ՝ առարկելով, որ հայաստանեան կողմը գործող քարահանքերը կը վնասեն անոնց, եւ պէտք է դադրեցնել այս վերջիններուն գործունէութիւնը: Հայաստանցի պատուիրակը դիտել տուած է, որ խնդրոյ առարկայ քարահանքերը փակուած են երկու տարիէ ի վեր: Ի վերջոյ, բանաձեւը ընդունուած է ԻՔՈՄՈՍ-Հայաստանի ներկայացուցած ձեւով: «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 8, թիւ 299
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը