Վճռաբեկ Ատեանը որոշած է, որ այդ թափուր գետինները «Մշակոյթի հետքեր» էն


Վճռաբեկ Ատեանը որոշած է, որ այդ թափուր գետինները «Մշակոյթի հետքեր» էն

  • 08-12-2011 09:33:59   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թրքական «Սապահ» թերթի Դեկտեմբեր 6ի թիւով կը հաղորդուէր, որ Թուրքիոյ Վճռաբեկ Ատեանը անատոլիացի Հայերուն ի նպաստ որոշում արձակած է: Սասունցի Հայերու Միութիւնը 2008ին դատարան դիմած էր՝ հայկական պատմական վայրերու բնութագրումին կապակցութեամբ: Արդարեւ, դարաւոր անցեալ ունեցող նախկին հայապատկան եկեղեցիներու եւ գերեզմանոցներու վայրերը պետական կալուածային տոմարներու մէջ արձանագրուած են որպէս «թափուր գետին, անտառ, լքեալ տուն»: Սասունցիներու Միութիւնը իր բողոք-դիմումով պահանջած էր, որ անոնք որակուին որպէս «Մշակոյթի հետքեր»: Վճռաբեկ Ատեանը, գոհացում տալով դիմումին, որոշած է, որ այդ թափուր գետինները «Մշակոյթի հետքեր» են: Սասունցի Հայերու Միութիւնը կազմուած է Պոլսոյ մէջ, նախկին Սասունցի, Պիթլիսցի, Պաթմանցի, Մշեցի, Վանեցի Հայերէ: Անոնք անվհատ պայքար կը մղեն, որպէսզի այժմ աւերակի վերածուած կամ հիմնայատակ քանդուած հողերը՝ «Մշակոյթի բեկորներ կամ անբռնաբարելի գետիններ»ու բնութագրում ստանան: «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 8, թիւ 299
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը