Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ


Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ

  • 13-12-2011 17:23:26   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2011, Դպրեվանքի մէջ, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ նախաձեռնութեամբ Բարշ. Միքայէլ սրկ. Սարգիսեանի (Դ. Ընծայարան) եւ Բարշ. Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեանի (Գ. Ընծայարան), որոնք իրենց այցելութիւններուն լոյսին տակ ներկայացուցին Կոստանդնուպոլսոյ եւ Իրանի հայութեան վիճակը այսօր։ Տիրացու Միքայէլ 30 օգոստոսէն 18 սեպտեմբեր Պոլիս գտնուած էր։ Ան նախ անդրադարձաւ քաղաքին ծագման եւ պատմութեան ընթացքին ունեցած աշխարհա-քաղաքական կարեւորութեան։ Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ հոն գտնուող հայ համայնքին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ ընկերային, մշակութային եւ եկեղեցական մարզերէ ներս։ Ան իր տպաւորութիւնները եզրափակեց, յայտնելով. «Ճամբորդութիւնս մէջս դրոշմեց այն իրողութիւնը, թէ պոլսահայը նուազ հայ չէ միւս հայ գաղութներու զաւակներէն։ Պոլսահայութեան մասին կրնամ անվարան ըսել, թէ անոր գոյատեւումն ու կազմակերպուածութիւնը մեծ հրաշք մըն է…»։ Տիրացու Սեբաստիա թեհրանահայ է եւ 20 օգոստոսէն 4 հոկտեմբերին վերջին անգամ Իրան այցելած էր։ Ան դպրեվանեցիներուն պարզեց իրանահայութեան ներկայ վիճակը՝ կրօնական, ընկերա-մշակութային եւ հայապահպանման ոլորտները լուսարձակի տակ բերելով։ «Շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ երեք թեմակալ առաջնորդներ ունի Իրանի մէջ, իրանահայութիւնը, հակառակ իր թուաքանակի նուազեցման կը շարունակէ մնալ աշխոյժ հայ համայնք մը», ըսաւ ան։ Ապա, սաներ հարցումներ ուղղեցին իրենց դասախօս երկու աւագ եղբայրներուն եւ ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ։ Դասախօսութեան աւարտին Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան տեսչութեան անունով գնահատեց երկու սարկաւագները։ Ան նաեւ պոլսահայութեան ու իրանահայութեան մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, եւ իր խօսքը փակեց հրաւիրելով դպրեվանեցիները աղօթելու Կ. Պոլսոյ ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. պատրիարք Մութաֆեանի ապաքինման համար։ Դպրեվանքի իրիկնային աղօթքով եւ Մեսրոպ պատրիարքի առողջութեան համար երգուած «Տէր ողորմեա»ով աւարտեցաւ այս շահեկան պահը։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը