Կոմիտաս վարդապետի ոգեղէն ներկայութիւնը Դպրեվանքի մէջ


Կոմիտաս վարդապետի ոգեղէն ներկայութիւնը Դպրեվանքի մէջ

  • 13-12-2011 17:26:50   |   |  Մշակոյթ
Ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2011-ի իրիկուան ժամը 7-ին, Դպրեվանքի մէջ, Դ. Ընծայարանի երկու սարկաւագներու մտայղացումով, ներկայացուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին վերջին հանգրուանը պատկերացնող կենդանի պատկեր մը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Միքայէլ սրկ. Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ Կոմիտասի կեանքը, գործը, եղեռական վախճանն ու արժանիքը: Խորհրդաւոր մթութեան մէջ՝ Բարշ. Յարութիւն սրկ. Շէրնէզեան տուտուկով եւ դաշնակով նուագեց «Տըլէ եաման»ը եւ «Քելեր ցոլեր»ը: Երբ երաժշտութիւնը կը շարունակուէր հնչել, Բարշ. Սամուէլ սրկ. Լախոյեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»էն հատուածներ եւ Յարութիւն Բանճարճեան կենդանի պատկերով ներկայացուց Կոմիտասը: Որպէս օժանդակ դերակատարներ հանդէս եկան Յովհաննէս կիս. սրկ. Թէփիրճեան եւ Կարապետ Նաճարեան, իսկ լուսաւորման պատասխանատուն էր Աբրահամ կիս. սրկ. Կիրակոսեան։ Թատերական խմբակը լաւապէս կարողացաւ ուրուագծել Կոմիտասը եւ պատկերացուց հայկական ջարդերու ընթացքին անոր տեսածն ու զգացածը, ապա՝ անոր հոգեկան խանգարումն ու վախճանումը: Մինչեւ կենդանի պատկերին աւարտը, անընդմէջ Կոմիտասի երաժշտական գանձարանէն կտորներ հնչեցին։ Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ կենդանի պատկերին մասնակցած սաները գնահատելէ ետք, ըսաւ. «Աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ Կոմիտաս վարդապետով չհպարտանայ. եւ այս հպարտութիւնը արդար է, որովհետեւ ազգի մը կեանքին մէջ դարեր պէտք է անցնին, որպէսզի Կոմիտաս մը ծնի եւ ահաւասիկ ան այսօր վերածնաւ այստեղ, Դպրեվանքին մէջ եւ դպրեվանեցիներուն ընդմէջէն. ան որպէս ոգեղէն անկորնչելի արժէք այսօր այցելեց Դպրեվանք»։ Տեսուչ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ հայկական ցեղասպանութեան մեր ժողովուրդին վրայ թողած ազդեցութեան եւ Կոմիտասի կեանքին առնչուած զանազան դրուագներ պատմեց: Ան յորդորեց դպրեվանեցիները իրենց մէջ եղող աստուածատուր շնորհները ի սպաս դնել մեր ժողովուրդին՝ Կոմիտասի օրինակին հետեւելով։
  -   Մշակոյթ