ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կալուածներու վերադարձի բանաձեւը


ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց կալուածներու վերադարձի բանաձեւը

  • 15-12-2011 12:36:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու եւ այլոց պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուածքի վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեանց կրօնական ազատութիւններու ապահովման առընչուող թիւ 306 բանաձեւը: Այս բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած էր Յուլիս 20ին, 43 թեր ձայնով, ընդդէմ միայն մէկ դէմ ձայնի: Անոր հեղինակներն են՝ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Էտ Ռոյս (Հանրապետական, Գալիֆորնիա) եւ Հաուըրտ Պըրմըն (Դեմոկրատական, Գալիֆորնիա): «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 15, թիւ 302
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը