Տինքի սպանութեան դատավարութիւնն ըստ դէտախազութեան


Տինքի սպանութեան դատավարութիւնն ըստ դէտախազութեան

  • 15-12-2011 14:16:23   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Տինք ընտանիքի փաստաբաններուն դիմումով, եւ վարչապետ Էրտողանի յատուկ արտօնութեամբ հարցաքննութիւն բացուած էր Էօզէլ Էըլմազի եւ Հանտան Սելչուքի նկատմամբ: Այս երկուքը թրքական լրահաւաք գաղտնի գործակալութեան Միթ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ էն, որոնք 2004ին Պոլսոյ նահանգապետարանին մէջ Հրանդ Տինքը ուշադիր ըլլալու հրաւիրած էին: Տինք ընտանիքի փաստաբաններն ալ անոնց դէմ բողոք ներկայացուցած էին, որ ենթակաները Տինքի կեանքին սպառնացող ստոյգ վտանգի մը մասին տեղեակ ըլլալով եւ անձամբ Պոլսոյ Պաշտպանութեան նահանգային յանձնաժողովին անդամ ըլլալով հանդերձ ոչ մէկ նախազգութութեան դիմած էին: Ներկայիս, բացուած հարցաքննութենէն շուրջ տարի մը ետք Անգարայի դատախազութիւնը արձակած է վճիռը: “կասկածեալները բռնաբարած էն իրենց պաշտօնը չարաշահելու կամ իրենց պաշտօնին մէջ թերանալու մասին օրէնքներու տրամադրութիւնները, սակայն կարելի չէ հետապնդման ձեռնարկել արարքները ժամանցման ենթարկուած ըլլալով”: Տինք ընտանիքի փաստաբանները` Ֆէթհիյէ Չէթին եւ Հասան Իւրէլ անմիջապէս բողոքի դիմում կատարած էն այս վճիռին դէմ: «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 15, թիւ 302
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը