Ըստ թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին՝ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է «Խոճալուի ջարդերուն»


Ըստ թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին՝ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է «Խոճալուի ջարդերուն»

  • 15-12-2011 14:36:50   |   |  Քաղաքական
Թրքական եւ ազէրպայճանական մամուլը Դեկտեմբեր 13ին կը հաղորդէին, որ Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք նախորդ օր, Անգարայի մէջ Ազէրպայճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի մահուան 8րդ տարելիցին նուիրուած երեկոյթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ «Խոճալուի ջարդերուն»: Ան յայտարարած է, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է 1992ին տեղի ունեցած այդ «ջարդերուն», որոնք նորագոյն պատմութեան «մեծագոյն ջարդերն» են: Ինչպէս ծանօթ է, ըստ ազէրպայճանական կողմին, «Խոճալուի ջարդերու» ընթացքին Հայերու կողմէ անխնայ սպաննուած են 613 քաղաքացիներ, ինչ որ միշտ եւ բոլորովին հերքուած է Հայաստանի կողմէ: «Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 15, թիւ 302
  -   Քաղաքական