«Խաղաղութեան Մշակոյթ Հիմնարկ»ի Տնօրէնը Անթիլիասի մէջ


«Խաղաղութեան Մշակոյթ Հիմնարկ»ի Տնօրէնը Անթիլիասի մէջ

  • 17-12-2011 15:00:47   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Խաղաղութեան Մշակոյթ Հիմնարկի Տնօրէն Տքթ. Մանուէլ Մանոնէլը, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի փոխ-ատենապետուհի Տիկին Թենի Սիմոնեանի: Վերոյիշեալ կազմակերպութեան Տնօրէնը Անթիլիաս եկած էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար կազմակերպելու միջազգային համագումար մը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Յայտնենք, որ Խաղաղութեան Մշակոյթ Հիմնարկը ստեղծուած է շուրջ տասը տարիներ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախկին Տնօրէն Տքթ. Ֆետերիքօ Մայորի կողմէ եւ կեդրոնը կը գտնուի Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ: Որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, Հիմնարկը կը մասնակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ժողովներուն: 2009 թուականին Պարսելոնայի մէջ Հիմնարկը միջազգային հանդիպում մը կազմակերպած էր, մասնակցութեամբ երեք միաստուածեան կրօններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն: Յիշեալ հանդիպման նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Վեհափառ Հայրապետը եւ նպաստած անոր յայտարարութեան խմբագրումին: Վեհափառ Հայրապետին հետ Տքթ. Մանուէլի եւ Տիկին Սիմոնեանի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ առաւօտ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդիի նորընտիր Ընդհանուր Քարտուղար Տքթ. Փոլ Րոհանա եւ Քրիստոնեայ-իսլամ Տիալոկի Յանձանախումբի Ընդհանուր Քարտուղար Տքթ. Մոհամմատ Սամմաք: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին օրակարգի հարցերը ինչպէս նաեւ ճշդուեցաւ մասնակիցներու ցանկը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն