<br /> Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագահ ցաւ եայտնեց որ Շուէտի Խորհրդարանը ճանչցած է 1915-ի հայկական ցեղասպանութիւնը<br /> <br />



Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագահ ցաւ եայտնեց որ Շուէտի Խորհրդարանը ճանչցած է 1915-ի հայկական ցեղասպանութիւնը

  • 24-05-2011 16:45:28   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա »Հիւրրիյէթ« այսօր Անգարայէն կը հաղորդէ թէ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Մէհմէտ Ալի Շահին Շուէտի իր պաշտօնակից Փէր Վէսթէրպէրկի հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին ցաւ եայտնեց որ Շուէտի Խորհրդարանը ճանչցած է 1915-ի հայկական ցեղասպանութիւնը։ Մէհմէտ Ալի Շահին կրկնեց Թուրքիոյ այն տեսակէտը թէ Խորհրդարանները ժողովուրդներու կամքը միայն կը ցոլացնեն ու պատմութիւն գրելու իրաւասութիւն չունին, պատմութիւնը պէտք է թողուի պատմաբաններուն։ »Այս խնդիրը քննութէան կարօտ հարց է եւ պատմաբաններն են որ պիտի քննարկեն զայն« ըսաւ Շահին որ պնդեց նաեւ որ Թուրքիայ պատրաստ է բանալու իր բոլոր արխիւները։ Իսկ Շուէտի Խորհրդարանի Նախագահ Վէսթէրպէրկ եայտնեց թէ իր երկիրը ուժեղ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ ու մեծ հետաքրքրութիւն կը տածէ Թուրքիոյ նկատմամբ, հայկական հարցն ալ ձեռք առնուած է այս շրջանակով, ինք ալ կողմնակից է որ պատմութիւնը թողուի պատմաբաններուն։ Վէսթէրպէրկ յիշեցուց նաեւ որ Շուէտի Խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը կողմնակից է Թուրքիոյ Եւրոմիութէան անդամակցութէան։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը