Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը Ամանորի և Սուրբ Ծննդյան տոների առթիվ


Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը Ամանորի և Սուրբ Ծննդյան տոների առթիվ

  • 01-01-2012 11:12:35   | Հայաստան  |  Քաղաքական
Սիրելի հայրենակիցներ, Ահաւասիկ պատմութիւն կը դառնայ 2011 թուականը։ Նոր տարին ընտանեկան տօն է։ Տասներկուքի զարկերուն հետ միասին, մենք մտովին կþամփոփենք անցեալն ու բաժակ կը բարձրացնենք՝ նայելով մէկզմէկու աչքերուն մէջ։ Ընտանիքներէն ներս, ինչպիսի սեղաններու շուրջ ալ որ դիմաւորենք նոր տարին, իրարու նեցուկ ըլլալու խոստում կայ մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ։ Երկիրն ալ մեր բոլորի ընտանիքն է։ Ո՞ւր վերջակէտ կը դնենք եւ ի՞նչ նպատակներով կþանցնինք նոր տարուայ սահմանագիծը։ Իմ հարազատ երկրի մեծ ընտանիքի սիրելի անդամներ, մենք հասարակաց շատ աւելին ունինք, քան կը կարծենք։ Որքան ալ տարբեր տեսանկիւններէն նայինք, միեւնոյն է՝ մեր նպատակները կը նոյնանան, երբ կþըսենք հայրենիք, Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, խաղաղութիւն, ծնողք, զաւակ...։ Եկէ՛ք մեր սրտին մէջ ամբարենք անցեալ տարուայ մեր յաջող գործերն ու յաղթանակները՝ հպարտ ու փայլող շարասիւները, վերածնած Մատենադարանը, հրաշալի օդակայանը, հրոսակներու զսպումը, համազգային ոգեւորութեան անմոռանալի դրուագները, միւսները։ Եկէ՛ք անցեալ տարուայ մէջ թողունք անտարբերութիւնը, զիրար չլսելը, թշնամութիւնը... չթուեմ՝ գիտենք թէ ի՞նչ է որ արժէք չունի եւ յարիր չէ հարազատ ընտանիքի մը։ Եկէ՛ք նոր՝ 2012 թուական տանինք իրարու նեցուկ կանգնելու խոստումն ու նոր յաղթանակներու վճռակամութիւնը՝ ի բարօրութիւն մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի, յանուն խաղաղութեան եւ արարումի, յանուն մեր ընտանիքներու, ծնողներու, երախաներու, յանուն սահմանի վրայ կանգնած մեր որդիներու։ Սիրելի հայրենակիցներ, Մենք կը սիրենք շեշտել որ հայերը հին ու հզօր մշակոյթի ժառանգորդներ են եւ ատիկա ճշմարտութիւն է։ Բայց փաստ է նաեւ որ ներկայ Հայաստանի մէջ շատ բան անկատար է։ Մեր երկրի մէջ կան ընտանիքներ, որոնք նոյնիսկ այս տօնական պահուն հազիւ տաքցուցած են իրենց կացարանը, կան անբարեկարգ գիւղեր ու քաղաքներ, որոնք չեն համապատասխաներ քաղաքակիրթ երկրի մասին մեր պատկերացումներուն եւ չափանիշներուն։ Անկասկած, մենք պիտի դառնանք այն երկիրը, ուր ամէն քայլափոխի զգալի պիտի ըլլայ թէ ովքե՞ր ենք մենք, ինչ մեծ ու հարուստ աւանդութիւններու եւ քաղաքակրթութեան ժառանգորդներն ենք։ Այս առումով 2012 թուականը նոյնպէս պէտք է ըլլայ յամառ աշխատանքի տարի. միայն աշխատանքով է որ կարելի է բժշկել, խնամել, հոգ տանիլ ու յարմարաւէտ դարձնել կեանքը։ 2012ը աշխատանքի տարի պիտի ըլլայ։ Ինչպէս գիտէք, յառաջիկայ տարուայ ընթացքին պիտի կայանան Խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Ընտրութիւները մեր երկրի մէջ յաճախ ընկալուած են, կը կրկնեմ՝ ընկալուած են, միայն որպէս իշխանութիւն ձեռք բերելու կամ իշխանութիւնը պահելու միջոցներ։ Վաղուց ժամանակն է ըմբռնելու որ շատ աւելի բարձր նպատակներ կան։ Ես իմ անձնական որոշումը վաղուց կայացուցած եմ՝ ընել այն ինչ որ ինձմէ կը պահանջուի՝ արատաւոր կարծրատիպէն հրաժարելու, իրօք ազգային ու իրօք պետական մօտեցման սկզբունքները քաղաքական կեանքի մէջ արմատաւորելու համար։ Չեմ թաքցներ՝ օգնութեան կարիք ունեցած եմ եւ ունիմ։ Մենք կը թեւակոխենք ո՛չ միայն նոր տարիէ ներս, այլ նաեւ մեր երկրի ու հասարակութեան զարգացման նոր փուլէ մը ներս։ Կը հաւատամ որ պիտի արձանագրուին նոր ձեռքբերումներ Հայաստանի պետութեան ու հանրութեան գործունէութեան բոլոր ասպարէզներու մէջ։ Սիրելի հայրենակիցներ, Կը շնորհաւորեմ բոլորդ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով։ Կը մաղթեմ որ այս օրերուն տօնական սեղաններու շուրջ իշխեն բարձր տրամադրութիւնն ու լաւատեսութեան ոգին։ Թո՛ղ Նոր Տարին խաղաղութիւն ու բարօրութիւն բերէ ձեր ընտանիքներուն ու մեր երկրին։ Շնորհաւո՛ր Նոր Տարի։
  -   Քաղաքական