Իսթանպուլի Գատիր Հաս համալսարանը մօտ օրէն հայերէն լեզուի դասընթացք պիտի կ'ազմակերպէ


Իսթանպուլի Գատիր Հաս համալսարանը մօտ օրէն հայերէն լեզուի դասընթացք պիտի կ'ազմակերպէ

  • 23-05-2011 12:49:40   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Իսթանպուլի Գատիր Հաս համալսարանը մօտ օրէն հայերէն լեզուի դասընթացք պիտի կ'ազմակերպէ ոչ միայն ուսանողներու, այլ նաեւ ժողովուրդին համար։ Դասաւանդութիւնը ձրի պիտի ըլլայ, շնորհիւ Ամերիկայի Մարշալ Հիմնադրամէն ստացուած մեկենասութէան։ Մարշալ հիմնադրամը 23.500 տոլարի նուիրատուութիւն մը ըրած է Համալսարանին որպէսզի հայերէն լեզուի դասընթացքի ամպիոն հիմնուի։ Համալսարանը զանազան դիմումներ կատարած էր հայերէնի, քրտերէնի ու իւնարէնի համար, առաջին պատասխանը եկաւ հայերէնի ի նպաստ, այս պատճառաւ հայերէն լեզուի ամպիոնը պիտի բացուի միւս երկու լեզուներու ամպիոններէն աւելի առաջ։ Համալսարանի Վերատեսուչ Մուսթաֆայ Այտըն եայտնեց որ հայերէնի դասաւանդութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանէն գալիք մէկու մը կ'ողմէ որ Թուրքիայ պիտի գայ տոքթորայի իր ուսումնասիրութիւնը աւարտելու նպատակով։ Ան մէկ կ'ողմէ պիտի ուսանի համալսարանին մէջ, մէկ կ'ողմէ ալ փափաքօղներուն ձրի դասաւանդութիւն պիտի ընէ։ Վերատեսուչը դիտել տուաւ որ դասընթացքը բաց պիտի ըլլայ նաեւ ժողովուրդին։ Փափաքօղը ձրիօրէն պիտի հետեւի հայերէն լեզուի դասընթացքին։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը