Թուրքիոյ Մէջ Իրենց Կալուածներուն Վերատիրանալու<br /> Սուրիահայերուն Վերջին Առիթը<br />


Թուրքիոյ Մէջ Իրենց Կալուածներուն Վերատիրանալու
Սուրիահայերուն Վերջին Առիթը

  • 27-03-2009 13:40:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Յարութ Սասունեան, «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր Անցեալ տարի իմ ստորագրած յօդուածներէս մէկուն մէջ ես Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրաքի հայերուն ուշադրութեան յանձնեցի, թէ անոնք եզակի առիթը ունէին Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուածներուն համար հատուցում ստանալու: Չորս կառավարութիւններն ալ, քանի մը տասնամեակ երկարած բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս մօտեցած են լուծելու Օսմանեան կայսրութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք, իրենց հողային տագնապ յառաջացնող երկկողմանի պահանջներու հարցը: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը զաւթած էր տասնեակ հազարաւոր կալուածներ, որոնց տէրերը քաղաքացիներ են վերոնշեալ երեք արաբական երկիրներու, եւ հակառակը: 12 Մայիս 2008ին տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիպ Էրտողան ստորագրեցին համաձայնութիւն մը, որուն կիրարկումը կ'ակնկալուէր ըլլալ կարճ ժամանակուան մէջ: Թուրքիա կը պնդէ, թէ 1956ին Սուրիոյ կառավարութիւնը զաւթած է մեծ թիւով հողաշերտեր, որոնք կը պատկանին թուրք քաղաքացիներու: Առ ի պատասխան, 1966ին Անգարան զաւթած է սուրիացիներու պատկանող կալուածներ: Երկար բանակցութիւններէ ետք, Թուրքիա եւ Սուրիա ստորագրեցին նախագիծ մը 1972ին եւ ստեղծեցին միացեալ յանձնաժողով մը` քննելու համար այդ սեփականատիրութիւնները, ներառեալ այն կալուածները, որոնք սուրիահայերը լքեցին Ալեքսանտրեթայի Սանճաքի (Հաթայի) մէջ, երբ ան կցուեցաւ Թուրքիոյ 1938ին: Թուրքիոյ կառավարութիւնը սուրիացիներուն պատկանող այդ կալուածները հաւաքաբար անուանեց Ազգային անշարժ կալուածի ընդհանուր վարչութիւն: Ընդհանուր գնահատուած արժէքը անշարժ կալուածի, որ թուրքեր ունին Սուրիոյ մէջ եւ սուրիացիներ ունին Թուրքիոյ մէջ, ներառեալ 1966էն ի վեր վարձքի մուտքերը, աւելի քան քառասուն միլիառ տոլար է, ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի 3 Մարտ 2009ի թիւին մէջ Էրճան Եաւուզի ստորագրած յօդուածին: Որոշ ժամանակէ ի վեր անշարժ կալուածի վարչութիւնը այդ սուրիական կալուածները վարձու կու տայ թուրք երկրագործներու եւ գործարարներու: Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը այդ վարձքին եկամուտները կը կուտակէ յատուկ հաշիւի մը մէջ, որ կը կոչուի »իրաւասու տէրեր«: Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը կը նշէ, թէ 2010ին Կեդրոնական դրամատունը այդ հաւաքուած գումարները պիտի վերադարձնէ սկզբնական սեփականատէրերուն, ըստ Եաւուզի: Ազգային անշարժ կալուածի ընդհանուր վարչութեան տուեալներուն համաձայն, սուրիացիները 15,067 կալուած ունին Թուրքիոյ մէջ, ինչ որ համազօր է 135 հազար հեքթար հողատարածքի: Միւս կողմէ, թուրքերը ունին 2.3 միլիոն քառակուսի մեթր տարածք ունեցող կալուած Սուրիոյ մէջ: «Թուրքիոյ մէջ սուրիական կալուածներուն դրամական արժէքը կը գնահատուի տասը միլիառ տոլարով, մինչ սուրիական տարածքներուն մէջ թրքական կալուածներուն արժէքը քառասուն միլիառ տոլար է», կը տեղեկացնէ Եաւուզ: Հետաքրքրական նշում մը. թուրք քաղաքացի Մուսթաֆա Մուզաֆֆէր Սալիհ, որուն հայրը գլխաւոր կալուածատէր մըն էր Սուրիոյ մէջ, Եաւուզին յայտնեց, թէ` «Սուրիացիները աւելի քան երկու հարիւր խանութներ ունին Պոլսոյ Մեծ Պազարին մէջ... Այդ կալուածներէն ոմանք տրուած էին առաջին եւ երկրորդ Ազգային ճակատի քոալիսիոն կառավարութիւններուն մէջ տեղ գտած նախարարներու ազգականներուն»: Անցեալի սխալները սրբագրելու համար, Սալիհ կը ջատագովէ, թէ` «Անցեալի ամօթը պէտք է մաքրուի»: Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Իրաքը նոյնանման վէճ մը ունեցած են: 1982ին թուրք պաշտօնատարներ Եգիպտոսի հետ ստորագրեցին համաձայնութիւն մը` իրենց հողային հարցը լուծելու համար: 1985ին Թուրքիան եւ Իրաքը համաձայնեցան հինգ տարուան ժամանակ տալ կալուածներու սեփականատէրերուն, որ պաշտօնական պահանջ ներկայացնեն իրենց կալուածներուն համար: Ժամկէտը երկարաձգուեցաւ երկու անգամ: Թուրքիա կ'ըսէ, թէ իր քաղաքացիները Իրաքի մէջ ունին շուրջ հարիւր վաթսուն հազար արտավար հողատարածք, հարիւր յիսուն շէնքեր, տասնմէկ բարեսիրական հաստատութիւններ, աւելի քան երկու միլիոն իրաքեան տինար եւ ութ հազար փաունտ սթերլինկ: Միւս կողմէ, Իրաք կ'ըսէ, թէ իր քաղաքացիները ունին քառասունութ շէնքեր եւ տասնմէկ հողաշերտ Թուրքիոյ մէջ: Իրաքի դէմ ամերիկեան ներխուժումը կասեցուց այդ պահանջներուն լուծման գործընթացը: Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները պէտք է կոչ ուղղեն այդ երկիրներու հայերուն, ներառեալ անոնց, որոնք դուրս գաղթած են, որ իրենց յանձնեն պատճէնները սեփականատիրութեան փաստաթուղթերու կամ Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուած ունենալը փաստող այլ փաստաթղթային ապացոյցներու: Ապա կազմակերպութիւնները պէտք է այդ կալուածներուն ցանկը ներկայացնեն իրենց կառավարութիւններուն` պահանջելով, որ Թուրքիա պէտք եղած հատուցումը կատարէ սկզբնական տէրերու ժառանգորդներուն: Ինչպէս նշեցի իմ նախկին յօդուածիս մէջ, այդ մօտեցումին գլխաւոր առաւելութիւնը այն է, որ հայերը պէտք չունին փաստաբաններ վարձելու եւ դատարան երթալու, տրուած ըլլալով, որ երեք արաբական երկիրներուն պաշտօնատարները իրենց քաղաքացիներուն անունով ուղղակիօրէն կը բանակցին իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ` լուծելու համար այդ ձեւի փոխադարձ պահանջները: Ասիկա Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի հայերուն համար եզակի առիթ մըն է, որմէ պէտք է օգտուին առանց յապաղումներու: Երբ համաձայնութիւնն ու լուծումները կայացուին, շատ ուշ պիտի ըլլայ հայերուն համար, որ իրենց կալուածներուն վերաբերեալ յաւելեալ պահանջներ ներկայացնեն թրքական կառավարութեան: Պարզապէս յստակացնելու համար նշենք, թէ այդ ձեւի սեփական կալուածներու համար հատուցում ստանալը չի խափաներ տակաւին թրքական գրաւման տակ եղող Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին ունեցած օրինական պահանջը:
  -   Յօդուածներ