Նախագահ Կիւլի պաշտօնավարութեան ժամկէտը` եօթը տարի


Նախագահ Կիւլի պաշտօնավարութեան ժամկէտը` եօթը տարի

  • 11-01-2012 19:43:55   |   |  Քաղաքական
Խորհրդարանի Սահմանադրական ենթայանձնախումբը որոշում ընդունեց Սահմանադրութեան մէջ անցումային յօդուած մը ամրագրելու եւ Նախագահ Կիւլի պաշտօնավարութեան ժամկէտը ճշդելու որպէս եօթը տարի: Նոյն յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ որ Կիւլ երկրորդ անգամ չի կրնար թեկնածու ներկայանալ Նախագահութեան պաշտօնին: Սահմանադրական ենթայանձնախումբը աւարտին հասցուց իր աշխատանքները եւ երէկ այս մասին բացատրութիւններ տրուեցան մամուլին: Ընդգծուեցաւ որ անցումային այս յօդուածով կը նախատեսուի եօթը տարի ճշդել երկրի 11րդ Նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտի համար: Ինչպէս ծանօթ է սահմանադրական հանրաքուէով երկրի 12րդ Նախագահը պիտի ընտրուի ժողովուրդի քուէներով եւ կրնայ երկրորդ շրջանի համար ալ թեկնածու ներկայանալ: Ապտուլլահ Կիւլի պարագան բացառութիւն է, որովհետեւ Կիւլ ընտրուած էր Խորհրդարանի կողմէ: «Մարմարա»
  -   Քաղաքական