»Էյ Պի Սի.Նիւզ«ը տեղի տուաւ ատրպէյճանական ճնշումներու դիմաց


»Էյ Պի Սի.Նիւզ«ը տեղի տուաւ ատրպէյճանական ճնշումներու դիմաց

  • 11-01-2012 20:16:00   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք մեր Գ. էջի վրայ, Կիրակի, 8 Յունուարին, ամերիկեան Էյ Պի Սի.Նիւզ հեռատեսիլային կայանի կայքէջի վրայ հրատարակուած էր տեղեկատուութիւն մը, ուր կը թուարկուէին ու կը նկարագրուէին այդ կայքէջի աշխատակցին կարծիքով 2012ին այցելելու արժանի աշխարհի եօթը ինքնատիպ վայրեր: Այդ վայրերու կարգին նշուած էր Ղարապաղի անունը եւ կը շեշտուէր թէ »բոլոր անոնց համար, որոնք արկածներ կը փնտռեն, Ղարապաղ ա՛յդ վայրն է«: Լոս Անճէլըսի մեր պաշտօնակից »Ասպարէզ« օրաթերթը կը հաղորդէ թէ երկու օր վերջ, այսինքն երէկ երեկոյեան, կայքէջին վերնագիրը խորհրդաւոր կերպով փոխուած էր եւ վերածուած` »2012ին այցելելու արժանի վեց վայրեր«ու. Ղարապաղի բաժինը դուրս հանուած էր: »Ասպարէզ«, »Նիւզէյ« ատրպէյճանական լրատու գործակալութենէն տեղեկացած է որ Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարարութեան պահանջով, Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատուը քննութիւն բացած է այս նիւթի շուրջ եւ ճնշում բանեցնելով, կրցած է յաջողութեան հասնիլ: »Էյ Պի Սի Նիւզ«ի պատասխանատուները վերախմբած են գրութիւնը, անկէ ամբողջութեամբ հանելով Արցախին առընչուող բաժինը: «Մարմարա»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը