Թաղային Խորհուրդը շահեց դատը


Թաղային Խորհուրդը շահեց դատը

  • 27-01-2012 14:22:23   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Այս առաւօտ ուրախութեամբ հաստատեցինք որ Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդը շահած է այն դատը զոր բացած էր ետ պահանջելով նախկին հայոց գերեզմանատան հողամասը, որ վերջերս կը գործածուէր որպէս Ժողովրդական Շուկայ։ Ասիկա 3.332 մեթր քառակուսի տարածութեամբ բաւական ընդարձակ հողատարածք մըն է։ Դատարանը այս մասին վճիռ արձակեց Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդի ի նպաստ։ Այս վճռին համաձայն այս շատ կարեւոր հողամասը պէտք է վերադարձուի Թաղային Խորհուրդին։ Դիտել կը տրուի որ սա պահուն դիմացի կողմէ կրնայ դիմել Վճռաբեկ Ատեան, եւ պէտք պիտի ըլլայ սպասել այս դիմումին ալ արդիւնքին։ Բայց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հապիպ Էօզֆըրընճը ըսաւ որ դատարանին վճիռը մեծ յաջողութիւն մըն է Թաղային Խորհուրդին համար։ Լրիւ կը ձայնակցինք, կը շնորհաւորենք Թաղային Խորհուրդը ու կը մաղթենք որ բոլոր արգելքները վերնան, հողամասը ժամ առաջ վերադարձուի մեր համայնքին ու Եշիլգիւղի Թաղային Խորհուրդը այնուհետեւ քննէ թէ ինչպէս կրնայ աւելի հասութաբեր դարձնել այդ կալուածը։ «Մ»
  -   Մամլո հաղորդագրություն