Մարմարա. ՄԻԹ-ի ներկա եւ նախորդ տնօրէնները Հարցաքննութեան Կանչվեցին, բայց տնօրէնը Նոյն ժամին հանդիպեց նախագահ Գյուլի հետ


Մարմարա. ՄԻԹ-ի ներկա եւ նախորդ տնօրէնները Հարցաքննութեան Կանչվեցին, բայց տնօրէնը Նոյն ժամին հանդիպեց նախագահ Գյուլի հետ

  • 11-02-2012 13:22:41   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը, որ երկար ամիսներէ ի վեր կþեռեւեփի Էրկէնէքոնի դատավարութեան, Քա Ճէ Քա-ի եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւններու պատճառով, այս օրերուն կրկին մտահոգիչ զարգացումներու հետ դէմ յանդիման կը մնայ։ Արդարեւ, նախընթաց օր մէտիայի կողմէ »պայթեցուած« լուր մը, եկաւ տակնուվրայ ընել երկրի ներքին օրակարգը։ Այս անգամ խօսքը կը վերաբերէր ՄԻԹի ¤Ոստիկանական գաղտնի կազմակերպութեան_ եւ ծանր մեղադրանքներ կþուղղէին այդ կառոյցի դէմ։ ՄԻԹի տնօրէն՝ Հաքան Ֆիտան, իր նախորդը՝ Էմրէ Թանէր եւ օգնականը՝ Աֆէտ Կիւնէշ որպէս կասկածեալներ հարցաքննութեան կանչուեցան եւ երբ երէկ կը սպասուէր որ Ֆիտան Պէշիկթաշի դատարան երթար ու դատախազ Սատրէտտին Սարըքայային վկայութիւններ տար, նոյն ժամերուն Ֆիտան Նախագահական պալատ գնաց ու մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Նախագահ Կիւլին հետ։ Բացի ատկէ, հարցաքննութեան կանչուած ղեկավարները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, բողոքեցին դատախազութեան որոշման դէմ։ ՄԻԹ կազմակերպութեան ուղղեալ մեղադրանքները խիստ ծանրակշիռ են ու եթէ անոնք հաստատուին, Թուրքիա տագնապալից նոր շրջանէ մը ներս պիտի թեւակոխէ ու անգամ մը եւս փորձութեան պիտի ենթարկէ ժողովուրդը, որ այլեւս կորսնցուցած ըլլալ կը թուի իր վստահութիւնը երկրի արմատական կառոյցներու՝ բանակի, ոստիկանութեան, ասոնց վրայ առաւել՝ ՄԻԹի նկատմամբ։ ՄԻԹի ուղղեալ մեղադրանքներու մէջ կը նշուի որ ՄԻԹ եւ Քա Ճէ Քա համաձայնութեան եկած են Էօճալանի ազատ արձակման հարցի շուրջ։ ՄԻԹ աչք քթթած է զինեալ կարգ մը յարձակումներու դիմաց։ Դարձեա՛լ ՄԻԹի յանձնարարականով խափանուած են ապահովութեան ուժերու կողմէ ահաբեկիչներու դէմ ուղղեալ գործողութիւնները։ ՄԻԹ սուրհանդակի դեր կատարած է Իմրալըի եւ ՓՔՔականներու Գանտիլլիի ճամբարներու միջեւ։ Վերջին երեք տարիներուն ՄԻԹի լրատու աշխատակիցները Իսթանպուլի մէջ առնուազն 50 դէպքերու միջամուխ եղած են եւ այդ դէպքերու մեծամասնութիւնը ՓՔՔական կամ Քա Ճէ Քա-ական ցոյցեր էին։ Մ.Պ.Յ.
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը