Իսրայել-Կիպրոս՝ ռազմական ու տնտեսական համագործակցություն
21-02-2012 14:57:17 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին համաձայն, միօրեայ այցելութեամբ Փետրուար 17ին Կիպրոս գացած՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ՝ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերը եւ ծովուժը կարելիութիւն կը ստանան Կիպրոսի տարածքը օգտագործելու: Համաձայնագրին նպատակը Կիպրոսի յունական հատուածին մէջ բնական կազի հետազօտումն է: Սակայն Իսրայէլի վարչապետը չէ բացառած Հարաւային Կիպրոսի մէջ իսրայէլեան ռազմական խարիսխի մը ստեղծումը:
Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ ծովային գործակցութեան առընչուող հարցեր:
Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան այս սերտացումը Թուրքերու կողմէ բնութագրուած է որպէս հակաթուրք քաղաքականութիւն, ինչպէս կը հաւաստէ «Հիւրրիյէթ»:
«ՆՅ»