Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը ուխտաւորոբար այցելեց Աւարայրի դաշտ


Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը ուխտաւորոբար այցելեց Աւարայրի դաշտ

  • 21-02-2012 16:52:07   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Ազգային Առաջնորդարան, Թաւրիզ - Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Ատրպատականի Հայոց Թեմին մէջ Չորեքշաբթի 15 եւ Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2012-ին, տեղի ունեցան ժողովրդային հանդիսութիւններ, աշակերտական եւ երգչախմբային ելոյթներով: Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ քաջամարտիկներու յիշատակին: Վարդանանց տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան ուղղուեցաւ դէպի Աւարայրի դաշտը, յարգանքի տուրք ընծայելու 451 թուականին նահատակուած քաջարի Սպարապետ Սուրբ Վարդանին, եւ անոր նահատակակից 9 նախարարներուն եւ 1036 վկաներուն: Աթոռանիստ Թաւրիզ քաղաքէն ցամաքի ճամբով 2.30 ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Աւարայրի դաշտը հասնելու համար, Հայր Սուրբին ինքնաշարժը սուրաց ու անցաւ պատմական Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն (այժմու` Խոյ եւ Զերւա քաղաքներ), եւ հասաւ Տղմուտ (այժմու` Աղչայ) գետի ափին բացուած դաշտը, ուր արի արանց բանակը 66 հազար քաջերով մարտնչեցաւ պարսից 300 հազար հաշուող բանակին դէմ: Դաշտին մէջ, հսկայ տարբեր ժայռերու եւ անշարժ քարերու վրայ քանդակուած կային խաչանշաններ, որոնք իրենց հնութեամբ կ’երթան մինչեւ Վարդանանց օրերը, երբ հաւանաբար հայ բանակի զինուորներ իբրեւ իրենց հաւատքի վերջին արտայայտութիւն, դրոշմած էին զանոնք այնտեղ: Աւարայրի դաշտին վրայ, Կաթողիկոսական Փոխանորդի գլխաւորութեամբ երգուեցան Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց նուիրուած շարականներ եւ ազգային վարդանաշունչ երգեր` «Նորահրաշ պսակաւոր», «Արեգակն արդարութեան», «Թէ Հայրենեաց պսակադիր», «Հիմի՞ էլ լռենք եղբարք», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան», «Ո՜հ դու բարեկամ», «Լռեց ամպերը», եւ այլ երգեր: Իր սրտի խօսքը ուղղելով, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը ըսաւ. «Մանուկ տարիքէս այս բոլոր երգերը երգած եմ, մանկապարտէզի տարիներուս Քաջ Վարդանի Թոռը ըլլալս հաստատած եմ խանդավառ ասմունքով, սակայն այս պահը ինծի համար Աւարայրի խորհուրդով հայօրէն վերստի՛ն ծնելու եւ Տղմուտի ալիքներով ազգային ոգիս յուզելու խորունկ նշանակութիւն ունի: Վարդան Զօրավարի եւ միւս բոլոր նահատակներուն բոսոր սուրբ արիւնը ըմպած այս հողը նուիրական է իւրաքանչիւր հայու համար, որ իր երակներուն մէջ դեռ կը զգայ արիւնը Վարդան Սպարապետի, Խորէն Խորխորունիի, Գարեգին Սրուանձտեանցի, Հմայեակ Դիմաքսեանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ միւս բոլոր նահատակ զինուորներուն: Հողէն ոյժ առած կը վերադառնամ մեր ազգի նահատակութեան այս բագինէն, աւելի՛ զօրացած քրիստոնէական հաւատքիս ու ազգային ծառայութեան ուխտիս մէջ: Դեռ բիւրաւոր սերունդներ պիտի դաստիարակուին Աւարայրի յաւերժական խորհուրդով: Խորհուրդ` որ այսօր շօշափելի իրականութիւն դարձաւ ինծի համար» եզրափակեց Հայր Սուրբը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն