Տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջէ թեմայով


Տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութեան մէջէ թեմայով

  • 27-02-2012 12:05:07   | ԱՄՆ  |  Մշակոյթ
կազմակերպութէամբ Կալիֆորնիայի Հայ Գրողներու Միութէան եւ Ստեֆանի Արուեստի Պատկերասրահին, հինգշաբթի, փետրուարի 23ին, երեկոյէան ժամի 6ին, Գլենդելի Հանրային Գրադարանի սրահին մէջ, 222 E. Harvard St, Glendale CA 91205, տեղի ունեցաւ «եղեռնի անդրադարձը հայ գեղանկարչութէան մէջէ բնանիւթով դասախօսութիւն, սահապատկերների ցուցադրութէամբ, Հայաստանի Հանրապետութէան Վաստակաւոր Գործիչ, արուեստաբան Շահէն Խաչատրէանի կ'ողմէ: Ստեֆանի Արուեստի Պատկերասրահին տէր եւ տնօրէն Տկ. Լինդա Ստեփանէանը հակիրճ նախաբանով ներկայացուց դասախօսը: Ապա բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինէանը հանդիսավարեց երեկոն: Շահէն Խաչատրէանը իր կրթութիւնը ստացած է Պետրզբուրգի Գեղարուեստական Ակադեմիային մէջ, աւարտելով որպէս արուեստաբան: Երեւանի մէջ եղել է Մարտիրոս Սարէանի նորաստեղծ թանգարանին տնօրէն. միաժամանակ 1990 թուականին նշանակուած է Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին տնօրէն: Իր գործունէութիւնը, բացի արուեստագիտական տասնէակ աշխատութիւններէ, եղել է նուիրում նկարահաւաքման, որով կրցած է Երեւանի Թանգարանին համար 400 գեղանկարչական գործեր ձեռք բերել, ինչպէս Յ. Այվազովսկու 9ը նշանաւոր գործերը, Մ. Սարէանի 70 գործերը, եւ տասնէակ այլ գեղանկարներ: Շահէն Խաչատրէանը ուսումնասիրական բազմաթիւ եօդուածներով եւ հեռուստացուցային ելոյթներով ներկայացուցած է հայ գեղարուեստի պատմութիւնը: Նրա մենագրութիւնը Այվազովսկիի մասին արժանացել է առաջին կարգի շքանշանի Մոսկուայի մէջ: Հայոց Մեծ Եղեռնի 95ամէակին է նուիրուած նրա «ծովի գոյնէ հատորը, ուր ներկայացուած են այն հայ գեղանկարիչները, որոնք հանդէս են եկած ցեղասպանութէան բնանիւթերով: Սկսէալ 1895 թուականի կոտորածներէն` չորս սերուդի հայ գեղանկարիչներ են ներառուած հատորին մէջ: Պէտ է ըսել, որ Շ. Խաչատրէանը առաջին արուեստաբանն է, որ դասախօսութէան նիւթ կը նէ նման բնանիւթ: Գեղարուեստական բաժնում ելոյթ ունեցաւ Երկնային Տաղեր Համոյթը սրինգահար Սալփիի եւ քնարահար Սօսիի կատարողութէամբ, երաժշտական մեծ հաճոյք պարգեւելով ներկաներուն:
  -   Մշակոյթ