Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան


Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան

  • 05-03-2012 18:14:10   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ինչպէս յայտարարուած էր արդէն, Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու Շաբաթ իրիկուն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանին, հոգեւոր դասուն ու նոյն առթիւ Պատրիարքարան հրաւիրուած համայնքային ներկայացուցիչներու հետ։ Նախարարը այցելութիւններ տուած էր ու դեռ ալ պիտի տար միւս Պատրիարքարաններուն ու Առաջնորդարաններուն եւս։ Մէկ ժամուան յապաղումով էր որ Նախարարը Պատրիարքարան եկաւ եւ դիմաւորուեցաւ պատիւներով։ Նախարարները դրան առջեւ դիմաւորուեցան Թաթուլ եւ Զաքէոս Հայր Սուրբերուն կողմէ, իսկ սանդուխներուն վրայ դիմաւորուեցան Արամ Սրբազանին կողմէ։ Արամ Սրբազան, իրեն հետ առնելով նաեւ քանի մը համայնքային ներկայացուցիչներ, հիւր Նախարարին հետ առանձնացաւ հիւրասենեակին մէջ։ Ասիկա տեւեց 45 վայրկեան, մինչ դուրսը կը սպասէին համայնքի միւս ներկայացուցիչները։ Երբ գլուխ գլխի տեսակցութիւնը վերջացաւ, բոլորը մէկտեղուեցան մեծ դահլիճին մէջ։ Թուրք մամուլին արտօնուեցաւ որ հետեւի խօսակցութիւններու առաջին փուլին, ապա Նախարարը գլուխ գլխի մնաց մեր համայնքայիններուն հետ եւ մտաւ հաճելի ու մտերմիկ զրոյցի մը մէջ։ Արամ Սրբազան պատմեց որ Հայ համայնքը շատ կը ցաւի Թաքսիմի մէջ պարզուած հակահայ լոզունգներու համար։ Օսմանեան շրջանին շատ երջանիկ էինք, Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտ անձամբ հիմնած էր այս Պատրիարքարանը։ 550 տարի մենք ալ աշխատեցանք այս երկրին զարգացման ի նպաստ։ Բայց Հանրապետական շրջանին չկրցանք տեսնել այն գեղեցկութիւնները զորս կþուզէինք տեսնել։ 1950էն վերջ կարծես թէ մենք անկիւն մը շպրտուեցանք։ Մինչեւ որ Ա-Գէ-Փէ իշխանութեան գլուխ եկաւ, վերիններէն ո՛չ մէկը գիտէր Պատրիարքարանին ճամբան։ Հիմա պետութիւնը յիշեց Հայ համայնքին գոյութիւնը։ Տեսանք որ այս երկրին մէջ կարգ մը բաներ փոխուիլ սկսած են։ Սառնակոյտը մեր դիմացն էր ու կը վախնայինք որ անիկա մեր վրայ պիտի գայ, բայց սառնակոյտը հալիլ սկսաւ։ Մենք այս երկրին մասնիկներն ենք, ըսաւ Արամ Սրբազան։ Սրբազանը յիշեցուց որ համայնքին խնդիրներէն մէկը մեր կալուածներու խնդիրն էր։ Վարչապետին կարգադրութեամբ հիմա որոշուեցաւ վերադարձնել 1936ի պէյաննամէներու մէջ արձանագրուած մեր կալուածները։ Այս տեսսակէտով երջանիկ ենք։ Այս երկրին մէջ այն որ Թուրք չէր, որեւէ պետական պաշտօն չէր կրնար ստանձնել, ոստիկան իսկ չէր կրնար ըլլալ։ Աղուոր բաներու կարգին տառապանքներ ալ ապրեցանք։ Թաքսիմի մէջ արտասանուած խօսքերը ցաւ պատճառեցին մեզի։ Դուք այս ժողովուրդը չէք կրնար նախատել այս կերպով։ Արամ Սրբազան, որ շատ տպաւորիչ շեշտով կը խօսէր, ըսաւ որ այս երկրին մէջ եթէ Հայերը չըլլան, Թուրքիոյ մէկ ոտքը հաշմանդամ կը մնայ։ Տավուտօղլու նախ ներողութիւն խնդրեց մէկ ժամուան յապաղումին համար, չէր գիտեր որ այսքան մեծ թիւով համայնքայիններ իրեն կը սպասեն։ Յիշեցուց որ Արտաքին Նախարարութեան մէջ պաշտօն առաջարկուեցաւ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուին, բայց ան չկրցաւ ընդունիլ այս պաշտօնը։ Նախարարը ըսաւ որ պիտի յաղթահարուին բոլոր այն նախապաշարումները, որոնք հաշտ չեն Թուրքերու ու Հայերու կողմէ ստեղծուած միասնական մշակոյթին։ Մենք կապ պիտի հաստատենք նաեւ այն հայերուն հետ, որոնք անցեալի մէջ այս երկիրը թողուցին ու հեռացան։ Յառաջիկայ շրջանին նախապաշարումները պիտի յաղթահարենք ո՛չ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ նաեւ Կովկասներէ ներս։ Նախարարը ըսաւ որ բերած է նաեւ Վարչապետին ողջոյնները։ Երբ կþանդրադաենար Խոճալուի հանրահաւաքի ընթացքին պարզուած տգեղ վերտառութիւններուն մասին, ըսաւ որ ինք ալ կողմնակից չէր ու այս մասին իր առարկութիւնները յայտնած էր հեռատեսիլի մէջ կատարուած զրոյցներու ընթացքին, այս պատճառաւ ալ արդէն ընդդիմադիր կուսակցութիւնը զինքը Տավուտեան կոչած էր։ Ինք չէր առարկած, որովհետեւ եթէ առարկէր այդ անուան դէմ, նախատած կþըլլար Հայերը։ Արտաքին Նախարարը դիտել տուաւ որ Միջին Արեւելքը կþապրի պատմական ու բախտորոշ շրջան մը եւ այս շրջանի գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն ալ, Թուրքիոյ համար, հողատարածքի կրօնական համայնքներու միջեւ ստեղծել է միջհասկացողութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտ։ Նախարարը, որ մտերմիկ ոճ ունէր, ըսաւ որ պէտք է ջնջել բոլոր փակ սահմանները, որոնք կան ուղեղներու ու սիրտերու միջեւ։ Արամ Սրբազան հիւր Նախարարին նուիրեց Արսէն Եարմանի Օսմանեան շրջանի հայերուն մասին գիրքը, իսկ հիւր Նախարարը Պատրիարքարանին նուիրեց գեղեցիկ յախճակապեայ ծաղկաման մը Օսմանեան ոճով։ Նախարարը ներողութիւն խնդրեց որ պիտի չկարենայ մնալ հիւրասիրութեան, պարզապէս երկու պատառ համտեսեց ու մեր համայնքայիններուն խօսք ուղղելով ըսաւ որ զիրենք անպայման պիտի սպասէ Անգարայի մէջ։ »Եկէք ու միշտ խօսինք կարեւոր հարցերու մասին։ Մեր դռները բաց պիտի ըլլան ձեզի«։ Սանդուխներուն վրայ բոլորին հետ լուսանկարուելէ ետք, Նախարարը մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն, թողլով շատ սրտաբաց ու հաճելի զրուցողի տպաւորութիւն «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը