Միջազգային Խորհրդաժողով՝ նվիրված Երուսաղեմի պաշտպանությանը


Միջազգային Խորհրդաժողով՝ նվիրված Երուսաղեմի պաշտպանությանը

  • 06-03-2012 14:58:09   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի, Փետրուար 26 եւ Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2012-ին, Արաբական Լիկայի նախաձեռնութեամբ եւ Քաթարի Իշխան՝ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թահանի հովանաւորութեամբ, Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի Պաշտպանութեան նուիրուած Միջազգային Խորհրդաժողով մը։ Քաթարի Իշխանին կողքին, խորհրդաժողովի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան Պաղեստինի Նախագահ՝ Մահմուտ Ապպաս, Արաբական Լիկայի ընդհանուր Քարտուղար՝ Նապիլ Ալ Արապի եւ կարգ մը արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ։ Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններ ներկայացնող պատուիրակութիւններ, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մարմիններ, Իսլամ եւ Քրիստոնեայ կրօնական դէմքեր, իրաւաբաններ եւ պատմագէտներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին անունով, սոյն խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Երկօրեայ հանդիպումներով եւ չորս անջատ յանձնախումբերու միջոցաւ, խորհրդաժողովը արծարծեց հետեւեալ նիւթերը.- - Երուսաղէմը պատմութեան ընթացքին։ - Երուսաղէմի կարգավիճակը համաձայն միջազգային օրէնքին։ - Երուսաղէմէն ներս հրէական բռնաբարումներ։ - Երուսաղէմի պաշտպանութեան եւ պահպանումի մարզերէն ներս քաղաքացիական ընկերութեան վերապահուած դերակատարութիւնը։ Խորհրդաժողովը յատկապէս քննարկումի նիւթ դարձուց Երուսաղէմի արեւելեան բաժինէն ներս տիրող անբնական կացութիւնը եւ փաստացի տուեալներով հաստատեց, որ մինչ հրէական պետութեան վարած ցեղապաշտ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, հետզհետէ կÿաճի հրէական բնակեցման վայրերուն թիւը. շարունակաբար կը քանդուին ու կը յափշտակուին քաղաքի բնիկ ազգաբնակչութեան բնակարաններն ու սեփականութիւնները, կը բռնաբարուին քրիստոնէական եւ իսլամական սրբավայրերը, եւ քաղաքին դիմագիծը հրէականացնելու այս ընթացքով կը չքանան նաեւ Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք դարձնելու բոլոր հեռանկարները։ Աշխատանքներու աւարտին խորհրդաժողովը հրապարակեց 12 կետերէ բաղկացած հռչակագիր մը ¥տե՛ս անգլերէն բաժինը:
  -   Մամլո հաղորդագրություն