Հայաստանը կմասնակցի Փարիզի Գրքի Սալոնին


Հայաստանը կմասնակցի Փարիզի Գրքի Սալոնին

  • 13-03-2012 13:56:22   |   |  Մշակոյթ

Հայաստանի Փարիզի դեսպանատան մշակութային ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հայաստան չորրորդ անգամ ըլլալով՝ պիտի մասնակցի Փարիզի Գիրքի Սալոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 16էն 19, Փորթ տը Վէրսայլի մէջ: Հայաստանի տաղաւարը պիտի հաստատուի X45- Pavillon 1, Porte de Versailles, 75015 Paris հասցէին: Հայաստանի այս տարուան մասնակցութիւնը յատուկ իմաստ կը ստանայ, այն առումով, որ Երեւան 2012ին նշանակուած է Գիրքի Մայրաքաղաք: Հայաստանեան տաղաւարը պիտի ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Ֆրանսայէն հրատարակիչներ, հայ եւ օտար գրողներու գործեր՝ ֆրանսերէնի եւ այլ լեզուներու թարգմանութեամբ: Նախատեսուած են նաեւ մակագրութեան հանդէսներ՝ հեղինակներու ներկայութեամբ: Հայաստանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ մշակոյթի փոխ-նախարարուհին՝ Արեւ Սամուէլեանը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.salondulivreparis.com հասցէն: «ՆՅ»
  -   Մշակոյթ