Հրապարակվել է եկեղեցական Նոր Ի-Գիրքը


Հրապարակվել է եկեղեցական Նոր Ի-Գիրքը

  • 13-03-2012 14:31:58   | ԱՄՆ  |  Նոր գրքեր
Ամերիկայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմը ուրախութեամբ կ?աւետէ, որ հայ եկեղեցական առաջին ի-գիրքը հրապարակ ելած է: Ան նախատեսուած է ի−Փատ գործիքներու համար։ Այս խօսուն հրապարակման մէջ Յակոբ Ներսոյեանի «Սրբոց Վարդանանց պատմութիւն»ը ի−փատի վրայ ներկայացուած է հաղորդակից կարելիութիւններով՝ ներառեալ պատկերասրահներ, տեսա- եւ ձայնա- դարաններ, մեկնաբանարաններ, եւլն.։ Գործածողները կրնան դիտել պատմական քարտէսները, ունկնդրել Ս. Վարդանի եւ Ս. Ղեւոնդի յուզիչ ելոյթները եւ ընդգծել Աւարայրի ճակատամարտին նկարագրութեան՝ իրենց նախընտրած հատուածները։ Այս թուային ուշագրաւ գրքոյկը կարելիութիւն կու տայ ընթերցողներուն՝ մասնակիցը ըլլալու Պարսից բանակի դէմ Ս. Վարդանի դիմադրութեան, որ պահպանեց Հայաստանը որպէս քրիստոնեայ ազգ։ «ՆՅ»
  -   Նոր գրքեր