Նիկոլա Սարկոզին ընդունել է ֆրանսիահայ կազմակերպությունները համակարգող խորհրդի նախագահներին


Նիկոլա Սարկոզին ընդունել է ֆրանսիահայ կազմակերպությունները համակարգող խորհրդի նախագահներին

  • 13-03-2012 14:43:39   |   |  Մամլո հաղորդագրություն

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահները Մարտ 7ին ընդունուած են նախագահ Սարքոզիի կողմէ, որուն կ?ընկերանային արդարադատութեան նախարար Միշէլ Մէրսիէ, Խորհրդարանին հետ կառավարութեան յարաբերութիւններու պատասխանատու նախարար Փաթրիք Օլիէ եւ Էլիզէի դիւանագիտական խորհրդական Ժան-Տաւիտ Լէվիթ: Այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, CCAF կ?ըսէ, թէ նախագահ Սարքոզի անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժելու իր վճռակամութիւնը յայտնեց: Ըստ նախագահին՝ երբ նկատի առնուին Սահմանադրական խորհուրդին մերժման պայմանները, ի յայտ կու գայ, թէ ժխտողականութիւնը պատժելու անհրաժեշտութեան գոհացում տալիք նոր բանաձեւի մը պատրաստութեան համար՝ «դուռը բաց ձգուած է»: Նախագահ Սարքոզի աւելցուցած է, թէ նոր բանաձեւը պէտք է ըլլայ աւելի ընդհանրական եւ աւելի լաւ պատրաստուած՝ դատողը համոզելու տեսանկիւնէն: Եւ սահմանադրական նոր դժուարութիւններու պարագային՝ նախագահը չէ բացառած նոյնիսկ որոշ փոփոխութիւններ կատարել հիմնարկներու յառաջիկայ բարենորոգումներու ընթացքին, որպէսզի կարելի դառնայ նման բանաձեւի մը որդեգրումը որպէս օրէնք: Նախագահը որոշած է հաստատումը՝ կառավարութեան առընթեր այս հարցով զբաղելու կոչուած յատուկ յանձանախումբի մը, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Եւ այս ամբողջը՝ պատրաստելու եւ ներկայացնելու համար նոր առաջարկ մը՝ իր նոր հնգամեակին սկիզբն իսկ, եթէ անշուշտ վերընտրուի: CCAF կ?ըսէ, թէ ցաւ զգալով հանդերձ, որ ժխտողականութեան պատժելիութիւնը չիրագործուեցաւ երկրին ղեկավարին պաշտօնավարման ներկայ շրջանին՝ այդուամենայնիւ կ?ողջունէ հարցը ամենէն կարճ ժամանակի մէջ արդիւնքի յանգեցնելու նախագահին վճռակամութիւնը եւ անոր ներդրումը՝ այս արդար դատին: «ՆՅ»
  -   Մամլո հաղորդագրություն