Դպրեվանքի սաների այցը Այնճար հայավան


Դպրեվանքի սաների այցը Այնճար հայավան

  • 14-03-2012 14:05:33   |   |  Հասարակութիւն
Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2012-ի առաւօտուն, Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժինէն տասը սաներ, Հոգշ. Տ. Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին Այնճար հայաւան: Դպրեվանեցիներ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի ժամերգութիւն կատարեցին եւ Հայր Սուրբը քարոզեց մեծ պահքին մասին, եւ իր քարոզի աւարտին անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան ու կոչ ուղղեց, որ Այնճարի հայութիւնը իր զաւակները ուղարկէ Դպրեվանք: Ժամերգութեան աւարտին, դպրեվանեցիներ քահանայ հօր, թաղականութեան եւ տիկնաց միութեան հետ նախաճաշեցին ու մտերմօրէն զրուցեցին Դպրեվանքի մասին: Ապա, դպրեվանեցիներ գացին Ազգ. Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան եւ աղօթքներու, շարականներու, երգերու եւ գեղարուեստական յայտագիրի ճամբով աշակերտութեան ներկայացուցին Դպրեվանքը: Անոնք ժամերգութիւն կատարեցին, որմէ ետք Բարշ. Յարութիւն Աւ. Սրկ. Շխրտմեան խօսեցաւ Մեծ Պահքի, Միջինքի, Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատիկի մասին: Կարապետ Նաճարեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը: Ապա, աշակերտներ դիտեցին Դպրեվանքի ամփոփ նկարագրութիւնը պատկերացնող տեսաերիզ մը: Տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տնօրէն՝ Տիար Արմէն Թաշճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Դպրեվանքի այս տղաքը, որ այսօր այստեղ կը տեսնէք, հայ ազգին ասպետներն են: Մենք անոնց միջոցաւ փայլուն ապագայ պիտի ունենանք», եւ քաջալերեց աշակերտները, որ Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին մաս կազմեն:
  -   Հասարակութիւն