Էլմար Մամեդյարով. «Բաքուն կշարունակի Ղարապաղի հակամարտության շուրջ խաղաղ բանակցությունները»


Էլմար Մամեդյարով. «Բաքուն կշարունակի Ղարապաղի հակամարտության շուրջ խաղաղ բանակցությունները»

  • 15-03-2012 16:38:18   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Ատրպէյճանի Արտաքին Նախարար Էլմար Մամէտեարով գերմանական թերթի մը տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց թէ Պաքու կը շարունակէ Ղարապաղի հակամարտութեան շուրջ խաղաղ բանակցութիւնները։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուական գործակալութեանց, Մամէտեարով նաեւ ըսաւ թէ հակառակ այն իրողութեան, որ հակամարտութեան բանակցութիւնները անարդիւնք կը մնան, Ատրպէյճան տակաւին կը յուսայ որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ խաղաղ բանակցութիւնները հասցնելու բոլորին համար ընդունելի լուծումի մը։ Ան կրկնեց թէ Ատրպէյճանի հողատարածքին մէկ մասը կը շարունակէ »բռնագրաւուած« մնալ, հակառակ այն որոշումներուն, որոնք վաւերացուած են ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ եւ որոնցմով կը պահանջուի որ հայկական կողմը իր զօրքերը հեռացնէ գրաւեալ տարածքներէն։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը