ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՄԱՐԴ ՄԸ ԱՆԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ,<br /> ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ՄԷԿ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`<br /> 1.5 ՄԻԼԻՈՆ ՄԱՐԴ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ


ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՄԱՐԴ ՄԸ ԱՆԱՐԳԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ,
ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ՄԷԿ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ`
1.5 ՄԻԼԻՈՆ ՄԱՐԴ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

  • 05-11-2010 14:49:00   | Հայաստան  |  Յօդուածներ
Ռամկավար Մամուլ - ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 2008 թուականին Ալապամայի մէջ գործող Հարաւային աղքատութեան իրաւական կեդրոն (SPLC) ոչ-շահութաμեր, քաղաքացիական իրաւունքներու պահապան կազմակերպութիւնը «Ժխտման պետութիւն. Թուրքիան միլիոններ կը ծախսէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քօղարկելու համար» խորագիրը կրող յօդուած մը հրապարակած էր: Ասիկա մերկացումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու պետական գործիչներուն վրայ ճնշում գործադրելու եւ ակադեմականներ գրաւելու հանգամանօրէն մշակուած եւ չարամիտ ջանքերուն: Ըստ SPLC-ի յօդուածին, «Թուրքիան քաղաքական ճնշում կը գործադրէ եւ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը քօղարկելու համար… Ժխտող պատմաμանները, որոնք կասկածներ կը ստեղծեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին… կը վարձատրուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ»: Այս ընդհանուր յայտարարութիւններէն ետք, SPLC-ն կը յիշէ յատկապէս Կիւնթեր Լըուին՝ իμրեւ «Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամէն տարի հարիւր հազարաւոր տոլարներու ֆինանսաւորում ստացող ամերիկացի ակադեմականներու, ազդեցութեան վաճառականներու եւ կայքէջերու վարիչներու ցանցի ամէնէն գործօն անդամներէն մէկը, որ կ’աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտմանը…»: Լըուի Մեսեչուսեցի համալսարանի քաղաքագիտութեան վաստակաւոր փրոֆեսէօր է, եւ իր դասախօսութիւններուն ու աշխատութիւններուն ընդմէջէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը μնութագրէ իμրեւ թրքական «անճարակ կառավարման» հետեւանք, եւ ոչ թէ՝ նախապէս ծրագրուած զանգուածային μնաջնջում: Ան նմանատիպ յայտարարութիւն ըրած էր իր «Հայերուն ջարդերը Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ. Վիճարկելի Ցեղասպանութիւն» վիճայարոյց գիրքին մէջ, որ 2005 թուականին հրատարակուած էր Եութայի համալսարանին կողմէ: SPLC-ի յօդուածի հրապարակումէն շատ չանցած, քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան այս խումμին դէմ, փրոֆ. Լըուիի անունով 8 միլիոն տոլարի զրպարտութեան հայց ներկայացուցին փաստաμաններ Տէյվիտ Սալցմըն ու Պրուս Ֆին՝ Ամերիկայի թրքական իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամէն (TALDF), որ, ըստ TALDF-ի կայքէջին, «առատօրէն աջակցութիւն կը ստանայ Ամերիկայի թրքական կոալիցիային (համախմμման) կողմէ»: Մինչ ամերիկեան դատարանը կը պատրաստուէր ճշդելու այս մեղադրանքին իսկութիւնը, SPLC համաձայնեցաւ գործը կարգաւորել դատարանէն դուրս՝ հրապարակելով «հերքում եւ ներողութիւն», եւ խոստանալով վճարել չյայտարարուած գումար մը փրոֆ. Լըուիին: Եթէ SPLC-ի դատական գործը չկարգաւորուէր, ապա TALDF μարդ խնդիրի առջեւ պիտի կանգնէր. անիկա դատարանին առջեւ պէտք է ապացուցեր, թէ փրոֆ. Լըուիին զրպարտած են: Դատը շահելու համար, TALDF պէտք է փաստէր, որ SPLC այդ մեղադրանքները ներկայացուցած է «չարամիտ դիտաւորութեամμ» եւ «ճշմարտութեան μացարձակ անտեսումուվ»: Բացի ատկէ, TALDF-ի փաստաμանները պէտք է ցոյց տային, թէ վաղուց թոշակի անցած 87ամեայ փրոֆեսէօրը իսկապէս ֆինանսական կորուստներ կրած է, աշխատանքէն զրկուած է, կամ անոր պայմանագիրը չեղեալ յայտարարուած է ուղղակիօրէն այդ յօդուածին հետեւանքով: SPLC-ի կողմնակիցներէն ոմանք զարմացած էին այն μանին համար, որ SPLC որոշեց կարգաւորել դատական գործը, որովհետեւ դատը չշահելու հաւանականութիւնը քիչ էր: Հաւաստի աղμիւրներէ տեղեկացած եմ, որ SPLC դատական գործը կարգաւորեց, որպէսզի նուազեցնէ փաստաμանական վճարումները. ինչպէս նաեւ, ամենայն հաւանականութեամμ, փրոֆ. Լըուի կրնայ համաձայնած ըլլալ ընդունիլ շատ աւելի քիչ գումար քան 8 միլիոն տոլարը, զոր ան նախապէս կը պահանջէր: Դատական գործը ետին թողնելով՝ SPLC կրնայ կրկին նուիրուիլ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան իր առաքելութեան: SPLC իր հրաժարագիրին մէջ նշած է. «Այժմ մենք կը գիտակցինք, որ սխալ կերպով հասկցած ենք փրոֆ. Լըուիի ուսումնասիրութիւնը. սխալ պնդում էր այն, որ Լըուի մաս կը կազմէ թրքական կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ցանցի մը, ինչպէս նաեւ սխալ է ենթադրելը, թէ ոեւէ գիտնական, որ հարցականի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, անպայմանօրէն ֆինանսական գործարքներու մէջ մտած է Թուրքիոյ կառավարութեան հետ: Սոյն գրութեամμ կը հրաժարինք այն պնդումէն, թէ փրոֆ. Լըուի վարձատրուած է կամ կը վարձատրուի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ… Խորապէս կը զղջանք մեր սխալներուն համար եւ անկեղծօրէն կը հայցենք փրոֆ. Լըուիի ներողամտութիւնը»: Ի պատասխան կարգաւորման դէմ արտայայտուող SPLC-ի կողմնակիցներու μողոքներուն, կազմակերպութեան հանրային կապերու խօսնակ Փենի Ուեվըր յայտարարեց. «Այս հարցին կարգաւորումը չի նշանակեր, որ մենք հաւանութիւն կու տանք պարոն Լըուիի տեսակէտներուն կամ կողմ ենք անոր: Սակայն մենք կը գիտակցինք, որ սխալ ներկայացուցած ենք անոր հայեացքները եւ սխալմամμ ըսած ենք, որ ան դրամ կը վերցնէ Թուրքիոյ կառավարութենէն: Ատիկա սխալմունք էր, որուն համար ներողութիւն կը խնդրենք»: Յօդուածին μնագիրը, որուն հետեւանքով այս դատը μացուած է, տակաւին տեղադրուած է SPLC-ի կայքէջին վրայ: Աւելորդ է ըսել, որ ոեւէ մէկը պէտք չէ զրպարտել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաμերեալ իր տեսակէտները արտայայտելուն համար, անկախ այն μանէն, թէ որքան սխալ կամ վիրաւորական են անոնք: Եթէ ճշգրիտ փաստ չունինք մեր ձեռքը, կարելի չէ ենթադրել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաμերեալ աղաւաղուած յայտարարութիւններ կատարողները անպայմանօրէն թուրքերուն կողմէ կը վարձատրուին կամ թէ անոնք Թուրքիոյ կառավարութեան գործակալներ են: Ե՛ւ գովելի, ե՛ւ հեգնական է այն, որ թրքական շահերու խումμի փաստաμանները պատրաստ են μազմամիլիոն տոլարներու հայց ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ, իμրեւ թէ իրենց պաշտպանեալին քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանելու համար: Սակայն, Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր անձ, որ կը յանդգնի խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, վտանգի կ’ենթարկուի ճշմարտութիւնը ըսած ըլլալուն համար՝ մեղադրուելով եւ քանի մը տարի μանտարկուելով, ըստ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ խայտառակ յօդուածին, որ կ’արգիլէ «վիրաւորել թրքականութիւնը»: Եթէ TALDF իրապէս շահագրգռուած է քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեամμ, ապա պէտք է իր հսկայական միջոցները յատկացնէ 301րդ յօդուածի վերացման համար, ինչ որ զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ առատաձեռն նուիրատուներուն ֆինանսական օժանդակութիւնը ու պիտի կասեցուի իր իսկ գործունէութիւնը:
  -   Յօդուածներ