20-03-2012 17:08:37 | | Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
ՇԹԷՅԿԷՐ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԸ
Ի ՎԵՐՋՈՅ ՈՐՈՇԱԾ Է ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՉՅԱՆՁՆԵԼ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ
Շաբաթ՝ Մարտ 17ին, Պոխումի մէջ ընդամէնը շուրջ 25 հազար հոգի փողոց իջած են ու ցոյց կատարած՝ Թուրքիոյ վարչապետին դէմ, որ պէտք է ժամանէր այդ քաղաքը՝ ստանալու իրեն արժանի նկատուած՝ լայնախոհութեան Շթէյկէր մրցանակը:
Սակայն, ըստ գերմանական dpa լրատու գորածակալութեան, Շաբաթ՝ մրցանակներու բաշխումի արարողութենէն քիչ առաջ, մրցանակին դատակազմը որոշած էր յետքայլ ընել եւ նախատեսուած մրցանակը չշնորհել անոր, աւելի ճիշդ՝ չյանձնել անոր, եթէ անձամբ ներկայ չէ: Արդարեւ, այս քայլին պատճառաբանութիւն ծառայած էր Գերմանիա չգալու Էրտողանի որոշումը: Թուրքիոյ վարչապետը, ըստ վարչապետարանի մամլոյ սպասարկութեան պաշտօնական յայտարարութեան, Գերմանիա չէր գացած որպէս սուգի արտայայտութիւն՝ նախորդ օրուան արկածին, որու զոհ գացած էին 12 թուրք զինուորներ:
Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ վարչապետին այս մրցանակը շնորհելու որոշումը մեծ աղմուկ յարուցած էր որոշ ատենէ ի վեր: Գերմանիոյ նախկին նախագահ՝ Կերհարտ Շրէօտէր (1998-2005) գովաբանական խօսքերով պէտք է յանձնէր սոյն մրցանակը նշեալ երեկոյթի ընթացքին. մրցանակներ պիտի ստանային նաեւ Շուէտի Սիլվիա թագուհին եւ երգիչ Լու Ռիտ:
Ըստ ոստիկանութեան՝ տարբեր համայնքներու կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն բոլորն ալ ընթացած են խաղաղ պայմաններու մէջ:
Ամենէն մեծ հանրահաւաքը կազմակերպողը եղած է Գերմանիոյ ալեւի համայնքը: Ֆրանսայէն եւ Պելճիքայէն ալ ժամանածներով ստուարացած բազմութիւնը հաւաքուած է Պոխումի ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ:
Նշենք, որ բացի Ալեւիներէն եւ Քիւրտերէն, Գերմանիոյ Հայերն ալ ցոյցի կոչ ըրած էին: Բոլորն ալ կը բողոքէին՝ Էրտողանին նման տիտղոսով մրցանակի մը յանձնումին դէմ, պարսաւելով Անգարայի կողմէ կատարուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները:
Էրտողան կը մեղադրուի նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուող ճնշումներով:
Նախատեսուած էր այս մրցանակը Էրտողանին յանձնել՝ 50ամեակին առթիւ թուրք-գերմանական այն համաձայնագրին, որ կը նախատեսէր հազարաւոր թուրք գործաւորներու գաղթը Գերմանիա՝ հոն աշխատելու համար: Այսօր ասոնց պաշտօնական թիւը կը գնահատուի աւելի քան 3 միլիոն: Անոնց մէջ կարեւոր տոկոս կը կազմեն Ալեւիները:
«ՆՅ»