Բողոքի ակցիա Փարիզում՝ Գիրքի Սալոնի թուրքական տաղավարի առջև


Բողոքի ակցիա Փարիզում՝ Գիրքի Սալոնի թուրքական տաղավարի առջև

  • 20-03-2012 17:15:54   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը

Կիրակի՝ Մարտ 18ի յետ միջօրէին, «Նոր Սերունդ»ական խումբ մը երիտասարդներ բողոքի անակնկալ շարժում մը կատարած են Փարիզի Գիրքի Սալոնի թրքական տաղաւարին առջեւ՝ Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ այդ երկրին մէջ արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդման դէմ: Թրքական տաղաւարին մէջ ցուցադրուած գիրքերուն մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատուիրատուներէն Ճէմալ փաշայի նուիրուած հատորի մը ներկայութեան եւ Թուրքիոյ մէջ՝ գրողներուն եւ լրագրողներուն վերապահուած վերաբերումին դէմ կատարուած այս շարժումին ընթացքին՝ հայ երիտասարդները “Ազատագրեցէ՛ք գրողները. ազատագրեցէ՛ք Զարաքոլուն” վանկարկելով սկսած են այս վերջնոյն նկարը կրող ազդեր բարձրացնել ու փակցնել պատերուն վրայ: Անկանկալ այս շարժումը կարճ ժամանակի մէջ ապահոված է Սալոնի որոշ այցելուներու ալ զօրակցութիւնը, քանի շուրջ 15 վայրկեան վերջ բողոքարկու հազիւ քանի մը երիտասարդի խմբակը վերածուած է հարիւր հոգինոց բազմութեան մը, որ Թուրքիոյ մէջ արտայայտութեան ազատութեան ի նպաստ կարգախօսներ վանկարկած է: «ՆՅ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը