Դպրեվանեցիներ Էշրեֆիէի Ս.Յակոբ եկեղեցում կատարեցին մեծ պահքի հսկումի ժամերգությունը


Դպրեվանեցիներ Էշրեֆիէի Ս.Յակոբ եկեղեցում կատարեցին մեծ պահքի հսկումի ժամերգությունը

  • 29-03-2012 11:28:07   |   |  Հասարակութիւն

23 Մարտ 2012-ի երեկոյեան 6։30-ին, ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաւէրին, դպրեվանեցիներ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին մեծ պահքի հսկումի ժամերգութիւնը։ Արարողութեան աւարտին, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհյ. Քէրքէզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի տեսչութեան ու ուսանողութեան՝ իրենց այցին համար եւ ժողովուրդին խօսեցաւ Դպրեվանքի առաքելութեամ մասին։ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմէզեան դպրեվանեցիներուն ուրախութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդին հետ ըլլալուն առթիւ եւ գնահատեց Տէր Մեսրոպին Դպրեվանքին հանդէպ ցուցաբերած գուրգուրալից վերաբերումը։ Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Յարութիւն Աւ. Սրկ. Շէրնէզեան, որպէս բնաբան ընտելով Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքէն «Լոյս ճշմարիտ Քրիստոս» տունը։ Հսկումի արարողութենէն ետք, դպրեվանեցիներ եկեղեցւոյս հովիւին, թաղականութեան, տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասուն հետ համախմբուեցան ընթրիքի սեղանին շուրջ։
  -   Հասարակութիւն