Արամ Ա.Կաթողիկոսն ընդունեց երգչուհի Հասմիկ Պապյանին
12-04-2012 15:07:12 | | Բարեգործութիւն
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հինգշաբթի 12 Ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժշտական բնագաւառէն ներս միջազգային համբաւ վայելող երգչուհի Յասմիկ Պապեանին: Երգչուհիին կընկերանային Համազգայինի ու Բարեգործականի ներկայացուցիչները:
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց երգչուհիին 25-ամեայ հարուստ վաստակը եւ որպէս իր գնահատանքի ու օրհնութեան արտայայտութիւն, անոր նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած խաչ մը: Յայտնենք, որ 2004 թուականին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրած էր երգչուհին:
Յասմիկ Պապեան երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Վիեննա, Աւստրիա, եւ մնայուն ներկայութիւն դարձած է միջազգային բեմերուն վրայ իր մասնակցութիւնը բերելով համերգներու ու օփերաներու: Ան յաճախակի առիթներով այցելած է Հայաստան եւ ելոյթներ ունեցած: Երէկ գիշեր ան Լիբանանի մէջ ելոյթ ունեցաւ՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինին ու Բարեգործականին եւ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան: