Հայերը Միլիարաւոր Տոլարներու Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ


Հայերը Միլիարաւոր Տոլարներու Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ

  • 08-08-2010 23:00:00   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ
Տասնամեակներէ ի վեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար մղուած պայքարէն եւ արեւմտեան դրամատուներու ու ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ դատական գործեր հարուցելէ ետք, ամերիկահայերը անցյալ շաբաթ իրենց առաջին դատական հայցը ներկայացուցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ` միլիարաւոր դոլարներու փոխհատուցում պահանջելով 1915-23ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագրաւուած սեփականութեան, գոյքի եւ եկամուտի կորուuտի համար: Հայցը ուղղուած է նաեւ թրքական կառավարութեան ֆինանսական լծակները հանդիսացող Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան եւ «Զիրա՛աթ» դրամատան դէմ: Այս դրամատուները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան սեփականութիւնը եղող Թուրքական օդանաւային ընկերութիւնը (Turkish Airlines) եւ զբօսաշրջութեան գրասենեակը մասնաճիւղեր ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնք այս խնդրի գծով ամերիկեան արդարադատութեան ենթակայ կը դառնան: Այս դատական գործին մէջ յաջողութիւն ունենալու պարագային, պահանջարկ ներկայացնողներուն փաստաբանները կրնան Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող թրքական կառավարութեան ունեցուածքներուն վրայ կալանք դնելու պահանջ ներկայացնել: Փաստաբաններ Պերճ Պօյաճեան, Մարք Կիրակոս, Արա Ճապաղջուրեան եւ Պրայըն Քապաթեք, միլիարդաւոր տոլարներու խմբային հայցով ԱՄՆ Դաշնային դատարան դիմած են Կարպիս Դաւոեանի (Լոս Անճելոս), Հրայր Թուրապեանի (Նիւ Եորք) եւ բազմաթիւ հայերու կողմէ, որոնց նախնիները սեփականութիւն ունեցած են Թուրքիոյ մէջ: Դաւոեանի եւ Թուրապյանի մեծ հայրերը սեփական հողատարածքներ ունեցած են Այնթապի եւ Ատանայի շրջաններուն մէջ: Հայցով մեղադրանք կը ներկայացուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ու անոր նախորդին դէմ` Ցեղասպանութեան ժամանակ արտաքսուած ու բնաջնջուած հարիւր հազարաւոր հայերուն պատկանող շարժուն եւ անշարժ գույքերը` ձեռնարկություններ, շէնքեր, հողատարածքներ, դրամատնային աւանդներ եւ թուրքական թանգարաններու մէջ պահուող կրոնական թանկարժեք արուեստի գործեր բռնագրաւելու, վաճառելու եւ անոնցմէ եկամուտ ստանալու համար: Մասնաւորապէս, այս հայցով կը պահանջուի վերադարձնել այն գումարները, որոնք ապօրինի կերպով իւրացուած եւ ի պահ դրուած են թրքական Գանձարանին, պետական կառավարման մարմիններուն եւ Թուրքիոյ պետութեան հետ կապ ունեցող այլ կազմակերպութիւններէն ներս: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ, Թուրքիան շարք մը օրէնքներ կայացուց` հայերու կողմէ իբրեւ թէ «լքուած» գոյքի կառավարումը կանոնակարգելու համար: Թրքական կառավարութիւնը վարձավճարներ եւ եկամուտներ ստացած է այդ գոյքէն եւ իսկական տէրերու անունով այն ի պահ յանձնած է իր Գանձարանը` յետագային հայերուն վերադարձնելու համար: Սակայն անոր փոխարէն, կառավարութիւնը իւրացուցած է եւ եկամուտ ստացած է այդ գոյքէն: Պահանջարկ ներկայացնողները Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը մեղադրեն «բռնի տեղահանութեան, բռնագրաւման ու բնաջնջման, ռազմական հանցագործութեան, մարդկութեան դէմ հանցագործութեան, խաղաղութեան դէմ հանցագործութեան, խոշտանգումներու, բռնութեան, սովի, ֆիզիքական եւ մտաւոր բռնութեան, առանց դատավարութեան մահապատժի եւ ցեղասպանութեան կանխամտածուած ծրագրին աջակցելու» օժանդակութեան եւ մասնակցութեան համար: Անցեալ շաբաթ, այս դատական հայցի մասին ցնցող լուրը յայտնուեցաւ թրքական թերթերու առաջին էջերուն վրայ՝ մեծ յուզմունք յառաջացնելով երկրէն ներս: Անկախ դատական գործի արդիւնքներէն, թրքական իշխանութիւնները լաւ գիտակից են, որ այս դատը պիտի նպաստէ ցեղասպանութիւնէն բխող հայկական պահանջներու աշխարհով մեկ բացայայտման: Նկատի առնելով բոլոր հայկական հարցերու նկատմամբ թրքական աւանդական հակազդեցութիւնը, չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ ղեկավարները` զայրոյթէ բռնուած ետ վերցնեն իրենց ստորագրութիւնը արդէն իսկ սառեցուած հայ-թուրքական արձանագրութիւններէն: Նաեւ, Անգարան կրնայ հրաժարիլ հայկական սփիւռքի որոշ տարրերուն սիրաշահելու անհաջող փորձերէն: Պատկերացուցէք, թէ ինչպիսի ցասում կրնան ունենալ թրքական իշխանութիւնները, երբ հայերը պահանջեն վերադարձնել Թուրքիոյ նախագահական պալատը Անգարայի մէջ, որ կը գտնուի Գասապեան ընտանիքէն բռնագրաւուած հողերու վրայ: Աւելին, «Ինճիրլիկի» օդանաւային խարիսխը, Ատանայի մօտ գտնուող թուրք-ամերիկեան համատեղ ռազմական կեդրոն կառուցուած է նախկին հայկական գիւղի մը հողատարածքին վրայ: Հայերը կրնան դատի տալ ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն` հայ գիւղացիներէն բռնագրաւուած գոյքի շահագործումէն օգուտ ստանալու համար: Անցեալ շաբթուայ դատական հայցը շատոնց սպասուած քայլ էր՝ Թուրքիայէն հայոց պահանջատիրութեան հետամուտ ըլլալու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու համար արդարութեան հասնելու ճանապարհին: Այժմ հայերը պէտք է իրենց բոլոր ջանքերը կեդրոնացնեն Ցեղասպանութեան ընթացքին կրած վնասներու վերադարձման կամ արդար փոխհատուցման վրայ: Նման հայցերով պէտք է դիմել նաեւ Մարդու իրավունքներու եւրոպական դատարան, քանի որ Թուրքիան որպէս Եւրոպայի խորհրդի անդամ, պարտաւոր է հաշուի առնել այդ դատարանի վճիռը: Շատ փափաքելի կ’ըլլար, որ Հայ փաստաբաններու միութիւնը կամ համանման կառոյց մը համակարգէր այսպիսի դատական հայցերը եւ անհրաժեշտ խորհրդատւութիւն ու միջոցներ տրամադրէր յետագայ հայցերու ներկայացման համար: Շատ կարեւոր է նման գործողութիւններու համակարգումը Հայաստանի կառավարութեան հետ` անկախ այն հանգամանքէն, որ ան պաշտօնապէս կը միանայ այս հայցին, թէ ոչ: Սփիւռքի միասնական կառոյցը, որ առաջարկած էի իմ նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ, լիովին կրնար որպէս համակարգող մարմին ծառայել համահայկական հարցերու վերաբերող դատական հայցերու համար: Այսպիսի հայցերը պէտք է ներկայացնել առանձնայատուկ բծախնդրուեամբ, նախապատրաստութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ, քանի որ անոնք մեծ հետեւանքներ կ’ունենան ամբողջ հայ ժողովրդի համար: Եթէ այս դատական հայցերէն որեւէ մէկը, ընթացակարգային խնդիրներու պատճառով յաջողութեան չի հասնի, թուրքական կառավարութիւնը արագօրէն յաղթանակ պիտի յայտարարէ` խեղաթիւրելով դատարանի որոշումը: Աւելորդ է նշել, որ օտարերկրեայ կառավարութիւններուն հետ կապ ունեցող նման քաղաքական նուրբ դատական գործեր հետապնդելու ընթացքին, պետք է ակնկալել, որ դատարւոնները յայտնուին թէ Անգարայի եւ թէ Ուաշինկթընի հզօր ճնշումին տակ: Գրեթէ մեկ դար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող հայ ժողովուրդը հիմա ոչ մէկ ջանք պետք չէ խնայէ իր վիթխարի կորուստները փոխհատուցելու եւ պատմական իրաւունքները վերականգնելու համար, օգտագործելով իրաւական բոլոր միջոցները՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնային դատարաններուն մէջ, տարբեր երկրներու, եւ որոնց կարգին` Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ եւ Միջազգային դատարանի մէջ: Արդարութեան ուշացումը, արդարութեան զլացում է: Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 5.08.2010 Թարգմ.՝ Ռ Աւագեան եւ Ա. Չափարեան
  -   Յօդուածներ