Էրտողանը Հոլանտի ընտրության առաջին ժամերից ճնշում է բանեցրել՝
10-05-2012 12:53:37 | | Քաղաքական
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան եւս, Հոլանտի ընտրութեան առաջին ժամերէն սկսած է ճնշում բանեցնել՝ յայտարարելով. “Յոյս ունինք, որ Ֆրանսայի նոր ժամանակաշրջանը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդէն՝ ինչ կը վերաբերի ֆրանքեւթրքական յարաբերութիւններուն”, ըսած է թուրք վարչապետը՝ յոյս յայտնելով, որ ընտրապայքարի ընթացքին հնչած ամբոխավար որոշ խոստումներ իրականութիւն չեն դառնար: Հակառակ պարագային, ըստ Էրտողանի՝ “ատիկա պիտի ունենայ ժխտական ազդեցութիւն Ֆրանսա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ”:
Սլովենիա իր ճամբորդութենէն անմիջապէս առաջ արտայայտուելով, Էրտողան իր «բարեկամ» Սարքոզիի մասին ալ ըսած է, թէ “ան անկասկած արձակուրդի պիտի մեկնի: Այլընտրանք չունի”: Սլովենիոյ մէջ Էրտողան ըսած է, թէ Թուրքերը միշտ լաւագոյն յարաբերութիւններ ունեցած են ֆրանսացի ընկերվարականներուն հետ, քան՝ պահպանողականներուն: Էրտողան յոյս ունի, որ Հոլանտ եւ իր նոր վարչակարգը շատ աւելի դրական դիրք պիտի որդեգրեն Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ: Ան անմիջապէս «զգուշացուցած» է, սակայն, Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը՝ ըսելով, թէ Թուրքիա պիտի չընդունի իր անդամակցութեան հարցը պայմանաւորել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ:
«ՆՅ»