ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւնը Կը Դատապարտէ Անհանդուրժողութեան Դրդումով Կատարուած Յանցագործ Արարքը


ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութիւնը Կը Դատապարտէ Անհանդուրժողութեան Դրդումով Կատարուած Յանցագործ Արարքը

  • 17-05-2012 10:44:37   | ԱՄՆ  |  Հասարակութիւն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան »Շանթ« Ուսանողական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտէ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դրդումով կատարուած յանցագործ արարքը: Յայտարարութեան մէջ »Շանթ« Ուսանողականը անհանգստութիւն կը յայտնէ Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէկուն հրդեհումի մասին իմանալով եւ խստօրէն կը դատապարտէ այդ արարքը, որու կատարողները մղուած էին անհանդուրժողութեան եւ համասեռամոլութեան հանդէպ ատելավառ զգացումներէ: Նկատելով, որ որոշ անհատներ եւ խմբակցութիւններ, ձերբակալուած ամբաստանեալներու ենթադրական կուսակցական առնչութիւնները վկայակոչելով, փութացած էին մեղադրանքներ ուղղելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ, »Շանթ«ի յայտարարութիւնը կը շեշտէր, որ այս յանցագործութիւնը եւ անոր տուն տուող մտայնութիւնը խոտոր կը համեմատին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծրագրային սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն, որոնք միայն ու միայն կը ջատագովեն անհատի ազատութիւնները եւ կը դատապարտեն ու կւ մերժեն ամէն տեսակի խտրականութիւն, չարաշահում, ցեղապաշտական կամ անհանդուրժողական ամէն տեսակի վերաբերմունք:
  -   Հասարակութիւն