54 հազար տուն-եկեղեցի՞ Թուրքիայում


54 հազար տուն-եկեղեցի՞ Թուրքիայում

  • 23-05-2012 17:01:14   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Թուրքիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղար Ումուտ Շահին հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ լրագրող Պանու Ավարի կողմէ Գոճաէլիի քաղաքապետութեան Գիրքի Տօնավաճառի ընթացքին կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ մէջ 54 հազար տուն-եկեղեցի կայ։ Ինչպէս գիտենք, բողոքականներու կողմէ տուներու մէջ սարքուած եկեղեցիները ներկայիս կը կոչուին «տուն-եկեղեցի»։ Ումուտ Շահին յայտնեց որ անհիմն պնդում է 54 հազար եկեղեցիի նշումը, քանի որ եթէ նկատի առնենք որ ամէն եկեղեցի պէտք է ունենայ 10-12 հաւատացեալ, այն ատեն Թուրքիոյ մէջ պէտք է գոյութիւն ունենան 540 հազար կամ 648 հազար բողոքականներ, մինչդեռ Թուրքիոյ Բողոքականներու համայնքը կազմուած է ընդամէնը 4 հազար հոգիէ։ Եթէ նկատի առնուի լրագրող Պանու Ավարի տուած թիւը, այն ատեն պէտք է որ ամէն մէկ բողոքականի համար տասը հատ եկեղեցի հիմնուած ըլլայ։ Պանու Ավար Գոճաէլիի գիրքի տօնավաճառի ընթացքին այս թիւը տալով պնդեր է նաեւ որ հիմա կը ջանան բոլորս Բողոքական դարձնել։ Այս տուն-եկեղեցիներուն մեծ մասը կը գտնուի եղեր Իզմիթի մէջ։ Իզմիթը այս մարզէ ներս ընտրուեր է որպէս «Առաջնորդ-քաղաք»։ Ումուտ Շահին յիշեցուց որ Մալաթիոյ մէջ ալ ատենօք բողոքականներու մասին սուտ ու չափազանցեալ լուրեր հրատարակուեցան ու անկէ վերջ պատահեցաւ Զիրվէ Հրատարակչատան վրայ անմոռանալի սպանդը։ Մալաթիոյ յարձակումին պատասխանատուները չէի՞ն ըսած որ անոնք պիտի սպաննէին նաեւ Իզմիթի եկեղեցական առաջնորդը։ Այս բոլորը դիպուածի արդիւնք չեն։ Շահին ի վերջոյ կոչ ըրաւ ու պահանջեց որ լրագրող Պանու Ավար յայտնէ թէ ո՞ւրկէ գտած է 54 հազար տուն-եկեղեցիի թիւը եւ հրատարակէ այդ տուն-եկեղեցիներուն հասցէները։ Շահին աւելցուց որ Իզմիթի մէջ Բողոքականներու միայն երկու խմբակներ կան եւ կարելի չէ հասկնալ թէ երկու խմբակներով քաղաք մը ինչպէս առաջնորդ-քաղաք կրնայ հռչակուիլ։ «Մ»
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը